ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Փանորամա».- Երաշտի պատճառով, մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ յառաջացած ջրամատակարարման հարցերը չէզոքացնելու նպատակով` 10 Օգոստոսին, քաղաքապետ Դաւիթ Սարգսեան հրաման տուաւ դադրեցնելու Ստեփանակերտի մէջ գործող բոլոր ինքնաշարժ լուալու կէտերու եւ հանգիստի գօտիներու ջուրի օգտագործումը` մինչեւ քաղաքը սնուցող զտիչ կայաններուն մէջ ջուրի պաշարներու վերականգնումը:
Ստեփանակերտի քաղաքապետարանը հաղորդագրութեամբ մը վերոնշեալ կառոյցներու սեփականատէրերուն եւ ջուր օգտագործողներուն կը յորդորէ ենթարկուիլ որոշման պահանջին, որուն կատարման պատասխանատուն «Ջրմուղ-կոյուղի» ընկերութիւնն է, իսկ վերահսկողութիւնը կը կատարէ քաղաքապետարանի աշխատակազմի Արտադրական ենթակառուցուածքներու բաժինը: