ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս»․- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանն 10 Օգոստոսին հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա․ի հետ:
Նախագահը վեհափառ հայրապետին ներկայացուց Արցախի մէջ տիրող իրավիճակը, իրականացուող վերականգնողական եւ շինարարական աշխատանքները ու պատերազմին հետեւանքով տեղահանուած քաղաքացիներու հարցերը: Նոյն ժամանակ նախագահը երախտագիտութիւն յայտնեց կաթողիկոսին՝ Արցախին մշտապէս սատարելուն համար:
Իր կարգին, կաթողիկոսը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Արցախի ժողովրդին` վստահութիւն յայտնելով, որ միասնական ուժերով կարելի կ՛ըլլայ յաղթահարել ներկայի մարտահրաւէրները եւ լուծել Արցախի առջեւ ծառացած հարցերը: