ԿԼԵՆՏԷՅԼ․- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին ստեղծած պայմաններուն պատճառով, որոշած է յետաձգել իր սպասուած տարեկան ձեռնարկը, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 14 Նոյեմբերին, «Պեվրլի Հիլթըն» պանդոկին մէջ։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան կը յայտնէ, թէ այս որոշումը տրուած է նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ մեծ ժողովրդականութիւն վայլող Հայ Դատի տարեկան ձեռնարկը առիթ մը պիտի ըլլայ ներկայացնելու Հայ Դատի յանձնախումբին վերջին մէկ տարուան գործունէութիւնը եւ իրագործումները, ինչպէս նաեւ պատուելու այն անհատներն ու կազմակերպութիւնները, որոնք կարեւոր ներդրում ունեցած են Հայ Դատի ջատագովման աշխատանքները անխափան շարունակելու գործին մէջ:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի հրապարակուին յառաջիկային։