ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Համայնքային ենթակառուցուածքներու արդիականացումը կը շարունակուի: Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնարկը եւ անոր գլխաւոր գործընկերը՝ «Վիւասել-Էմ. Թի. Էս.»ը, արտաքին լուսաւորութեան երկու ծրագիրներ իրականացուցին Տաւուշի մարզի Ոսկեպար գիւղին մէջ: Սահմանամերձ գիւղը գրեթէ ամբողջութեամբ լուսաւորուեցաւ:
«Վիւասել-Էմ. Թի. Էս.»ը կը յայտնէ, որ ծրագիրին առաջին փուլը իրականացաւ 2019ին, սակայն համաճարակին պատճառով աշխատանքները յետաձգուեցան։ 2020ին, աշխատանքները շարունակուեցան: Ծրագիրը կանգ չառաւ նաեւ 44օրեայ պատերազմին ընթացքին: Աշխատանքներուն շուրջ 20 տոկոսով ներդրում ունեցաւ նաեւ Նոյեմբերեանի համայնքապետարանը:

Ելեկտրականութիւն խնայող այս լուսաւորման համակարգի գործարկման մասնակցեցան «Վիւասել-Էմ. Թի. Էս.»ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան, Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնարկի հիմնադիր Ռուբէն Խաչատրեան, Նոյեմբերեան համայնքի ղեկավար Կարէն Աբազեան, Ոսկեպար բնակավայրի վարչական ղեկավար Սերոբ Մուխսուդեան, ծրագիրի համակարգող Մարտին Մարալչեան եւ բնակիչներ:
«Երբ տարիներ առաջ սկսում էինք այս ծրագիրը, գիտակցում էինք, որ գիւղերում ենթակառուցուածքներ զարգացնելու գործընթացը պահանջելու է ժամանակ եւ ջանքեր: Շատ բնակավայրերում լուսաւորութեան համակարգ գրեթէ գոյութիւն չունէր: Որոշ գիւղերում սկսել ենք զրոյից: Մենք ընտրեցինք մի քանի փուլով ծրագիր իրականացնելու տարբերակը: Անհրաժեշտ էր ընկերային պատասխանատուութիւն դրսեւորել այնպէս, որպէսզի արդիւնքից օգտուէին շատերը: Յատկապէս սահմանամերձ գիւղերին օգտակար լինելու ցանկութիւնը պարտաւորեցնում է, որպէսզի շարունակենք այս ծրագիրը», յայտնեց Ռալֆ Եիրիկեան: