ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» եւ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւնները 10 Օգոստոսին դիմում ներկայացուցին Հայաստանի սահմանադրական դատարանին` վիճարկելով Ալեն Սիմոնեանը Ազգային ժողովի նախագահ ընտրելու 2 Օգոստոս 2021ի Ազգային ժողովի որոշման սահմանադրականութիւնը:
Սահմանադրական դատարանին մէջ իբրեւ ներկայացուցիչ հանդէս պիտի գայ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արամ Վարդեւանեան: