ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ֆիզուլիի եւ Հադրութի ուղղութիւններով կատարուող որոնողական աշխատանքներուն իբրեւ արդիւնք՝ Ֆիզուլիի մէջ գտնուեցան երկու աճիւններ եւս։ Լուրը հաղորդագրութեամբ մը հաղորդեց Արցախի արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւնը (ԱԻՊԾ):
«Մէկից աւելի աճիւններ (հիմնականում մասունքներ) յայտնաբերուել է Հադրութի շրջանից: Փրկարարներն այն տեղափոխել են դատաբժշկական բիւրօ: Ամբողջական թիւը կը հրապարակուի դատաբժշկական փորձաքննութիւնից յետոյ», կ՛ըսուի վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ:
Նշենք, որ զինադադարէն ետք իրականացուած որոնումներուն միջոցաւ յայտնաբերուած են 1634 աճիւններ: