ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող ՀԱՊԿի ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զաս 10 Օգոստոսին հանդիպում ունեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ, այցելեց սահմանային Երասխ հատուածը եւ Եռաբլուրի մէջ յարգանքի տուրք մատուցեց նահատակներու յիշատակին։
Փաշինեանի հետ հանդիպումին ընթացքին, Զաս հաստատեց, որ ՀԱՊԿն ուշադրութեամբ կը հետեւի հայ-ատրպէյճանական սահմանի իրադրութեան եւ մտահոգուած է` զինուած միջադէպերու աշխարհագրութեան ընդլայնումով։

Ընդգծուեցաւ, որ ի յայտ եկած լարուածութիւնը ժխտական ազդեցութիւն կ՛ունենայ Հայաստանի անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ կազմակերպութեան պատասխանատուութեան ընդհանուր գօտիին վրայ եւ կը բարդացնէ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներուն միջեւ 9 Նոյեմբերին եւ 11 Յունուարին ձեռք բերուած համաձայնութիւններու գործադրութիւնը։
«Անշուշտ, մենք այն կարծիքին ենք, որ հայ-ատրպէյճանական միջադէպերը, որոնց մասին կը խօսիք, սպառնալիք են Հայաստանի համար: Եթէ խօսինք լուծման ուղիներուն մասին, կարծեմ թէ այս իրավիճակը քաղաքական ուղիով լուծելու ձեւերը չեն սպառած տակաւին, ինչ որ, ըստ էութեան, լաւագոյն տարբերակը պիտի ըլլար բոլորին համար», յայտնեց Սթանիսլաւ Զաս:
Ան նաեւ ընդգծեց, որ կազմակերպութեան անդամ երկիրներու ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան պաշտպանութիւնը ռազմական դաշինքի առանցքային առաջնահերթութիւններէն է:
Զաս խորհուրդ տուաւ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելու սահմանի ճգնաժամային իրավիճակին: «Ես այսօր այցելեցի այդ շրջանները, այցելեցի մոթոհրաձգային գունդին եւ վերջինիս ստորաբաժանումները: Անկեղծօրէն, ես տեսայ, որ այժմ սահման չկայ. անիկա փաստացիօրէն զինուած բախումներու շփման գիծ է, դիմակայութեան գիծ եւ պարբերաբար այնտեղ կը ծագին բախումներ, կը կատարուին փոխհրաձգութիւններ: Անշուշտ, այդպէս պէտք չէ ըլլայ: Պէտք է ամէն ինչ ընել՝ իւրաքանչիւրը իր սահմանագիծին մէջ այդ իրավիճակը եւ ճգնաժամը յաղթահարելու համար», յայտնեց Զաս:
Հայաստանի կառավարութիւնը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Զասի հետ հանդիպման Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ այն անհրաժեշտ գործիքակազմերուն, որոնք կան ՀԱՊԿի մէջ:
«Արդէն 2-3 ամիս է Հայաստանի սահմաններում ճգնաժամային իրավիճակ է, որը կոնկրետ (յստակ) սպառնալիք է պարունակում Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան համար: Ցաւօք, Ադրբեջանի զինուած ուժերն արդէն մի քանի ամիս անօրինականօրէն գտնւում են մեր տարածքում: Ի հարկէ, այդ իրավիճակին ՀԱՊԿի արձագանգի վերաբերեալ շատ քննարկումներ կան: Պէտք է ասեմ, որ փաստացիօրէն առաջին անգամ ՀԱՊԿում մենք բախւում ենք կոնկրետ նման իրավիճակի հետ եւ պէտք է շատ ուշադիր ուսումնասիրենք իրավիճակը, որպէսզի հետագայում բարձրացնենք ՀԱՊԿ մեխանիզմների (գործիքակազմերու) արդիւնաւէտութիւնը: Կարծում եմ, որ այս առումով ձեր այցը նոյնպէս շատ կարեւոր է: Այդ համատեքստում նոյնպէս շատ լրջօրէն ենք վերաբերում մեր նախագահութեանը եւ պատրաստւում ենք դրան: Այս իրավիճակում մեզ համար կարեւոր է գտնել գոյութիւն ունեցող հարցերի քաղաքական լուծումը, դրա համար բոլոր հնարաւորութիւնները կան», նշեց Հայաստանի վարչապետը:
Նիկոլ Փաշինեան դիտել տուաւ, որ Հայաստանի դիրքորոշումը՝ տարածաշրջանային օրակարգի իմաստով, կառուցողական է: «Ակնկալում եմ, որ ՀԱՊԿ շրջանակներում մեզ կը յաջողուի ճշգրիտ լուծումների յանգել, մասնաւորապէս` իրավիճակի դիտարկումների հետ կապուած: Սա այն հարցն է, որի հետ կապուած պէտք է յստակ որոշումներ կայացնել եւ աշխատել յստակ մեխանիզմների վրայ», ըսաւ Փաշինեան:
Զրուցակիցները քննարկեցին հայ-ատրպէյճանական սահմանի իրավիճակը խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով հանգուցալուծելու կարելիութիւնները, ՀԱՊԿի մէջ Հայաստանի նախագահութեան առաջնահերթութիւնները, ՀԱՊԿի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ անվտանգութեան ապահովման վերաբերող քայլերը, ինչպէս նաեւ կազմակերպութեան կատարելագործման ու արդիւնաւէտութեան բարձրացման վերաբերող հարցեր:
Հայասատանի զինուած ուժերու պատրաստութեան ընդհանուր վարչութեան պետ–զինուած ուժերու ընդհանուր փոխհրամանատար, հազարապետ-զօրավար Անդրանիկ Մակարեանի եւ շարք մը սպաներու ընկերակցութեամբ, նոյն օրը, Սթանիսլաւ Զաս այցելեց հանրապետութեան հարաւ-արեւմտեան սահմանագօտին։ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ ՀԱՊԿի ընդհանուր քարտուղարը յատկապէս այցելեց Երասխի հատուածին մէջ տեղակայուած մարտական յենակէտը, ծանօթացաւ սահմանային իրավիճակին։ Սթանիսլաւ Զասին ներկայացուեցան ատրպէյճանական զինուած ուժերու ստորաբաժանումներուն կողմէ նախորդ քանի մը շաբաթներուն կատարուած զինադադարի խախտումները:
Զաս հետեւեցաւ յենակէտին մէջ իրականացուող մարտական հերթապահութեան եւ զրուցեց զինուորներուն հետ։
Այնուհետեւ ան այցելեց նաեւ «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնը եւ ծաղիկներ զետեղեց հայրենիքի պաշտպանութեան համար զոհուած զինուորներու շիրիմներուն։