Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հայաստանի նորընտիր Ազգային ժողովի քուլիսներուն մէջ շշուկներ շրջան կ’ընեն (եղեր), թէ պաշտօնաւարտ խորհրդարանը կարեւոր կտակ մը թողած է նորին՝ աշխատանքի հրաւիրել լեզուագէտներէ բաղկացած յանձնախումբ մը, որուն պարտականութիւնu ըլլայ կազմել նոր բառարան մը:
Շշուկները մասնաւորապէս կը պտտին իշխանական պլոքի գրասենեակներուն շուրջ-բոլորը (յանձնախումբի անդամներուն պարգեւավճարը՝ ապահովուած):
Չէ՛, չկարծէք, որ բառարան կազմողներուն գործը պիտի ըլլայ մայրենին հեղձամահ ընող օտարաբանութիւններուն ցուցակի պատրաստութիւնն ու տուեալ բառերուն հայերէնի թարգմանութիւնը: Հարցը շատ աւելի լուրջ է: Յանձնախումբին պարտականութիւնը պիտի ըլլայ (եղեր) կազմել ցանկը այն բառերուն, որոնք անվիճելիօրէն… հայհոյանք կը համարուին: Նախորդ խորհրդարանը, ինչպէս ծանօթ է՝ իր «Կարապի երգ(եր)ը» հնչեցնելու պահուն, որդեգրեց օրէնք մը, որ պատիժի արժանի կը նկատէ հայհոյանքը, յանցաւորը կրնայ բանտ նետուիլ կամ տուգանքի ենթարկուիլ:
Հարցը հոն չէ, թէ հայհոյանքն ու զազրախօսութիւնը ի՛նչ սահմաններու հասած պէտք է ըլլան վերջին տարիներուն (եւ ասոր մէջ «Թաւշեայ յեղափոխութեան» վզին յանցանք չնետէ՜ք), որ մարդիկ հասած են նման օրէնք մը քուէարկելու ստիպողութեան: Հարցը հոն է, որ ո՞ր բառերն եւ արտայայտութիւնները պիտի նկատուին հայհոյանք:
Յանձնախումբին կազմութենէն առաջ իսկ, վախ կայ, որ անդամներուն միջեւ ծագին «Բիւզանդական վէճեր»: Հարց պիտի ծագի (եղեր), թէ արդեօք իշխանաւորներուն հասցէին նետուած՝ «սրիկայ», «ազգադաւ», «հողատու», «դաւաճան», «ստրկամիտ», «թրքահաճոյ» (քաղաքականութիւն, վարքագիծ), «ստախօս», «շահարկող», «ապիկար», «տխմար», «համբակ» եւ նման շարք մը որակումներ պէ՞տք է արձանագրել ցանկին մէջ: (Կ՛ենթադրենք, որ վէճ չի կրնար ծագիլ ծանօթ հայհոյանքներուն մասին, որոնք առատօրէն կը պտտին համացանցի վրայ, յաճախ կը սպրդին նաեւ բանաւոր արտայայտութիւններու մէջ եւ անոնցմէ որեւէ մէկը հոս արձանագրելը ամօթ կը սեպենք):
Ըստ նոյն շշուկներուն, յանձնախումբին պիտի թելադրուի (եղեր), որ բանան Օսմանեան կայսրութեան վերջին տասնամեակներու էջերը, տեսնեն, թէ սուլթան Համիտի գրաքննիչները ինչպիսի՞ բառեր արգիլեալ հռչակած էին. օրինակ, այդ դարաշրջանին, թերթերու մէջ «բզէզ» գրելն իսկ արգիլուած էր, որովհետեւ գրողը կրնար քողարկեալ կերպով ակնարկած ըլլալ սուլթանին:
…Չկարծէք, որ դէմ ենք զազրախօսութեանց դադրեցման, սակայն կ՛’ափսոսանք, որ Հայաստանի քաղաքական կեանքը մանկապարտէզէն մանկամսուր «կը բարձրանայ»:
3 Օգոստոս 2021
Born 07/08/1621, Jean De La Fontaine wrote his famous FABLES :one,
“The Grasshopper and Ant”, summer singing , winter coming, asks to
borrow food to survive from Ant, replied: like singing go now & dance.
400 years today, Armenian parliament 3 days like grasshopper is singing
accusations, without REMEDY, POLITICAL WINTER APPROACHING VERY
FAST: PREMEDITATED, PLANED, DURING 30 YEARS LETTING ARMENIA.ARMY
WITHOUT FOOD AND ARMAMENT, LETTING TO LOSE WAR, NOW, ARMENIA
POLITICAL WINTER VERY NEAR>>103 YEARS SACRIFICED,BY KARABAGH
COMMITTEE TREACHERIES, NOW 95% IN POWER<< PLUS GLOBALIST,
TRANSGENDERS, SECTS, KGB, ALL SORT OF SPIES IN, DIASPORA NO ACTIVELY
RESISTING APPARENTLY : "DESTINATION TOKYO" kind political bombing HAS BIG
POSSIBILITY ON OUR FATHERLAND HEAD. GOD SAVE ARMENIA, "CINDERELLA
WAKE UP" BY DIASPORA, WILL BE THE "STRONG" START OF NEW HOPE AND RISE!!.