Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Պարզ տրամաբանութիւնը կ՛ըսէ, թէ երկրի մը մէջ նոր խորհրդարանի աշխատանքները մեկնարկող նիստերուն բացումը կոչուած է նոր էջ մը բանալու այդ երկրին մէջ: Եթէ այս դիտանկիւնէն մօտենանք Հայաստանի 2 Օգոստոս թուականին, հաստատապէս կրնանք ըսել, որ այո՛, որոշ իմաստով նոր էջ մը կը բացուի երկրի նորագոյն պատմութեան մէջ, սակայն նոյն վստահութեամբ ալ կը տեսնենք, որ կան հին ցաւեր, որոնց կուտակումը հեղձամահ կ՛ընէ երկիրն ու ժողովուրդը:
Անփոփոխ է, օրինակի համար, իշխանական խմբակը, որ 20 Յունիսի ընտրութիւններուն, այս կամ այն ձեւով, յաջողեցաւ ապահովել աթոռներուն մեծամասնութիւնը, ունի 71 աթոռ եւ հետեւաբար, իրողապէս պիտի վարուի ըստ կամս, որովհետեւ ընդդիմադիր երկու դաշինքները՝ «Հայաստան»ն ու «Պատիւ Ունեմ»ը միասնաբար ունին հազիւ կէսը՝ 36 աթոռ: (Արդէն մեր ետին են այն օրերը, երբ խորհրդարան մտած թէ դուրս մնացած ընդդիմադիրներ փաստերու կոյտ մը ներկայացուցին Ընտրական յանձնախումբին ու Սահմանադրական դատարանին, ցոյց տալով, որ սա չէ եւ չի կրնար ըլլալ նորակազմ Ազգային ժողովին իրական պատկերը): Հիմնական տարբերութիւնը հոն է, որ խորհրդարանական ընդդիմութիւնը կազմուած է այնպիսի ուժերէ, որոնք շատ աւելի խստապահանջ են իշխանութեան գործին (կամ անգործութեան) նկատմամբ, ընդունելով հանդերձ, որ պաշտօնաւարտ խորհրդարանին մէջ ընդդիմադիրները ներկայութիւն էին սուր քննադատութիւններով եւ ընդհանրապէս արդար պահանջներով (մինչեւ վարչապետին ու կառավարութեան հրաժարականը), սակայն մնալով ո՛չ ազդու եւ բութ փոքրամասնութեան մը սահմաններուն մէջ: Նորակազմ խորհրդարանին մէջ, այս իմաստով կայ տարբեր վիճակ. երկու դաշինքները բազմաթիւ հիմնական կէտերու մէջ շատ աւելի համակարգուած, իրար հասկցող ու մանաւանդ երկրին դիմագրաւած սուր տագնապները հասկցող դիրք ունին, համակարծիք են իշխանութեան կողմէ արհամարհուած ու թողլքուած առաջնահերթութիւններուն շուրջ, պէտք է փորձեն շրջանցել նախկիններուն պարտադրուած բթութիւնը (եւ հոս կայ մեծ հանելուկ մը):
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու մասին խօսելէ առաջ, վեր առնենք բացայայտ իրողութիւն մը (անիւի գիւտը չենք ըներ): Հայաստան այսօր, մասնաւորաբար 44օրեայ պատերազմէն ասդին, դէմ յանդիման է երկու խումբի մարտահրաւէրներու. ներքին ճակատ եւ արտաքին-շրջանային զարգացումներ, հարկադրանքներ:
ԱՌԱՋԻՆ ՓՈՒԼ
Ներքին բեմին վրայ, ականատես պիտի ըլլանք շարք մը անխուսափելի քայլերու, որոնք պիտի հարկադրեն կարգ մը հիմնահարցերու իրողական լուսանցքայնացումը, ինչպէս եղաւ ամիսներ առաջ, երբ խորհրդարանական կանխահաս ընտրութիւններու որոշումը լուսանցքայնացուց հրատապ հարցերը:
Թուումի կարգով արձանագրենք մէկ քանին (այս սիւնակին մէջ մանրամասնութիւններու մէջ մտնել՝ պիտի նշանակէ կրկնել մեր եւ այլոց մատնանշած ցաւոտ իրականութիւնները, որոնք ահաւասիկ 10 ամիսէ ի վեր կը տագնապեցնեն հայկական աշխարհը). Նիկոլ Փաշինեան պիտի ընտրուի (կամ պիտի վերընտրուի) վարչապետ, պիտի կազմուի նոր կառավարութիւն, յստակ չէ, թէ ընդդիմադիրները հոն տեղ պիտի ունենա՞ն, իսկ եթէ ունենան, ի՞նչ ազդեցութիւն պիտի ունենան կառավարութեան քաղաքական ուղեգիծին ու հիմնական ծրագիրներուն մշակման մէջ: Նման հարցականներ կան խորհրդարանական յանձնաժողովներու կազմութեան օրակարգին գծով. իրողական պատկերը կը թելադրէ, որ «Իմ Քայլը» կոչեցեալ դիմակը վար առած՝ «Քաղաքական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը (այլ խօսքով՝ Նիկոլ Փաշինեան եւ իր անմիջական կամակատարները) իրենց ժողովներուն պիտի մշակեն այդ բոլորը, պիտի բերեն կառավարութեան նիստին, յետոյ, որոշ բաներ ալ պիտի տանին խորհրդարան (կարգ մը ընդդիմադիր մեկնաբաններ չեն վարանիր տեսնել համայնավարներու օրերու գործելաձեւի վերարտադրութիւնը): Այլ խօսքով, անցեալ մօտաւորապէս երեք տարիներու վիճակին մէջ էական փոփոխութիւն պէտք չէ սպասել, որքան ալ որ բարի ըլլան ընդդիմադիրներուն տրամադրութիւնները, բարեփոխում բերելու ճիգ ընեն անոնք:
Իշխանութեան վերաձեւաւորման այս քայլերուն պիտի հետեւին մարզերուն եւ քաղաքներու-գիւղերու մէջ վարիչներու նշանակումները: Իշխանութիւնը չէ ծածկած, որ «մաքրագործում»ի պիտի ենթարկէ այն շրջանները, ուր ընտրութիւնները չընթացան իր նախատեսութեանց ու ախորժակներուն համաձայն: «Մուրճի քաղաքականութիւն»ը յայտարարուած է եւ գործադրութիւնն ալ սկսած:
Սա արդէն բեմին յառաջամասը կը բերէ կարեւոր հարց մը. ո՞վ եւ ինչպէ՞ս պիտի դարմանէ «հինի-նորի», «յեղափոխականի-հակայեղափոխականի», «սեւի-սպիտակի» եւ նման որակաւորումներով կերակրուած ժողովուրդին մէջ ատելութիւնն ու թշնամանքը: Հայհոյանքը արգիլող վերջին օրէնքը արդէն անիմաստ բանավէճ ստեղծած է եւ… իմաստազրկած այս քայլը:
ԷԱԿԱՆ ԵՒ ՑԱՒՈՏ ՀԱՐՑԵՐ
Կառավարութիւն-յանձնախումբեր-շրջաններու վարչութեանց վերակազմութեան ու նման օրակարգեր որքա՞ն ժամանակ պիտի խլեն, որքա՞ն ճիգ պիտի պահանջեն ու խօսքի աճուրդ պիտի ստեղծեն՝ պիտի տեսնենք յառաջիկայ օրերուն: Ընդդիմադիրները բացայայտ դարձուցած են, որ ազդու ներկայութիւն ըլլալու իրաւունքը կը պահպանեն, սակայն նաեւ կը տեսնեն շատ աւելի լուրջ առաջնահերթութիւններ, տագնապներ, որոնց հանդէպ իշխանութիւնը փաստած է իր անտարբերութիւնն ու անկարողութիւնը (պարտադրեալ թէ կամովի), պատերազմի աւարտէն ի վեր, ստեղծուած վիճակներուն դիմաց կը կանգնի ձեռնթափ եւ կրաւորական: Ընդդիմադիրներուն կը մնայ փաստացիօրէն ցոյց տալ, որ հակադրութիւնը «աթոռակռիւ» չէ, այլ ընտրութիւն՝ երկու հակադիր հոսանքներու՝ փրկութեան եւ կորուստներու շարունակման միջեւ:
Առաջնահերթ հարցերը կը կոչուին՝ աւելի քան 25 տարի առաջ ազատագրուած Արցախի մեծագոյն մասի կորուստ, գերիներ եւ անհետացածներ, Ազրպէյճանի կողմէ շինծու դատավարութիւններ, նոյնինքն Հայաստանի սահմաններէն ներս մօտաւորապէս 3 ամիսէ ի վեր ազերիական ուժերու ներկայութիւն, սահմանային միջադէպեր, զինուորներու եւ քաղաքայիններու սպանութիւն (ըստ վիճակագրութեանց, վերջին ամիսներուն տուած ենք մօտաւորապէս 70 զոհ, մեծ մասամբ՝ զինուորներ): Ալիեւ օր չի փախցներ, նոր սպառնալիքներ ուղղելու Հայաստանին (արդեօք դրական զարգացո՞ւմ պէտք է տեսնել թեկնածու վարչապետին այն խօսքերուն մէջ, որոնք ի վերջոյ զինք համոզած են, որ Ազրպէյճանը կառուցողական չէ, այլ թշնամանք եւ համաձայնութեանց խափանում կը հետապնդէ…), կը կրկնէ ու կը կրկնէ «Զանգեզուրի միջանցքը» ունենալու իր պահանջը (հոգ չէ թէ անիկա չ՛երեւիր այլապէս ալ անընդունելի համաձայնագիրներուն մէջ), իսկ իշխանութիւնը չ՛անդրադառնար, որ «ճամբաները բանանք, առեւտուր ընենք եւ տնտեսական բարելաւում ստեղծենք» խորագրեալ պատրանքները գործնապէս կը հերքուին ի՛ր իսկ կողմէ, երբ ի վերջոյ բաց աչքերով կը տեսնէ, թէ Ազրպէյճան շինիչ բան չունի, նոր գրաւումներ կը հետապնդէ…
Ցաւոտ եւ հսկայական թղթածրար մը կայ 44օրեայ պատերազմին պատճառներուն եւ հետեւանքներուն քննարկման սեղանին վրայ: Հոս ալ կայ նոր խայտառակութիւններու բեմի մը պատրաստութիւնը: Իշխանական կուսակցութիւնը վերջերս լաւ որոշում մը տուաւ, յայտարարելով, որ պիտի կազմուի այդ թղթածրարը քննարկող յանձնախումբ մը, սակայն շուտով ի յայտ եկաւ, թէ ինչի՞ մասին է խօսքը: Իշխանութիւնը կ՛ուզէ այդ յանձնախումբին մէջ առնել արտախորհրդարանական կուսակցութեանց եւ խմբաւորումներու ներկայացուցիչներ (շատ աղէկ), սակայն անոնք պիտի ըլլան իր համախոհները, որոնք հոգ չէ թէ ընտրապայքարի մտան իբրեւ իշխանութեան քննադատներ ու մրցակիցներ (մէկ քանին կազմուած էին վերջին ամիսներուն, բացայայտօրէն իշխանութեան հաշիւներուն ջաղացքին ջուր լեցնելու նպատակով. չենք նպատակադրեր բոլորը նոյն ներկով ներկել, սակայն ընդհանուր պատկերը աղաղակող է, մանաւանդ, որ խնդրոյ կուսակցութիւններուն մեծ մասը կազմուած է քանի մը անձէ, իշխանական խումբին պէս՝ կը դառնայ որոշ անձերու շուրջ):
Ընդդիմադիրները ունին բոլորովին տարբեր մօտեցում եւ առաջադրանք: Անոնք կը յիշեցնեն, որ անկողմնակալ եւ արդար, մասնագէտներէ, իրազեկ անձերէ բաղկացած քննիչ յանձնախումբի մը կազմութիւնը իրենց առաջին պահանջներէն էր պատերազմի աւարտէն անմիջապէս ետք: Ընդդիմադիրներն ու խելամիտ մտաւորականներ, հարցերու առարկայական լուծումներու հետամուտներ կը պնդեն, որ պէտք է խուսափիլ Ապրիլեան պատերազմին շուրջ քննութիւն բացած յանձնախումբին կրկնութենէն, որովհետեւ հոն առաւելաբար ջուր ծեծուեցաւ եւ լեռը մուկ մ՛իսկ չծնաւ (մոռցուած է նաեւ «Մարտ մէկի ծալքերը բացուած են» հաւաստիքները…): Փաստօրէն իշխանութեան պատրաստած շրջագիծով նման յանձնախումբի մը կազմութիւնը նախատեսել կու տայ, որ ճիգ պիտի ըլլայ (ինչպէս կ՛ըլլայ պատերազմի օրերէն ի վեր) ծածկել իրականութիւնները, իշխանաւորն ու շրջանակը անմեղ ընդունիլ տալ, վերստին բեմ բարձրացնելով այն երգերը, թէ «նախկիններն են ամբողջական պատասխանատուն», նոր էջ պիտի բացուի «վհուկներու հետապնդման» արշաւին մէջ: Նախկիններուն մեղքերը եւ յանցանքները բաւական ծանօթ են, սակայն ծանօթ են նաեւ պատերազմի, յետպատերազմեան եւ նախընթաց կարճ փուլի իրականութիւնները: Արդեօք վաղը նոր հնա՞րք մըն ալ հրապարակ պիտի նետուի, թէ՝ Սիւնիքէն եւ Գեղարքունիքէն ներս ազերիական թափանցումներն ալ «նախկինները» պատրաստած են, պատերազմին յաջորդած ամիսներուն խափանած են սահմաններու ամրացումը, անոր համար ալ մեղքի մեծագոյն բաժինը կը կրեն: (Չմոռնանք, որ «Սեւ լիճին համար պատերազմ մղել չ՛արժեր», իսկ Սիւնիքին եւ Գեղարքունիքին համա՞ր…)
ԱՐՑԱԽ ԵՒ ԱՅԼ «ՄԱՆՐՈՒՔՆԵՐ»
Միշտ մնալով հպանցիկ նշումներու ծիրին մէջ, արձանագրենք, որ հայկական ներքին բեմին վրայ «փառաւոր» կերպով նստած կը մնայ Արցախի կորստեան, սահմաններէն ներթափանցումի եւ տնտեսական-ընկերային տագնապները, որոնք կարծէք թէ դրուած են «մանր դրամներու» արկղին մէջ:
Փաստօրէն, Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանազատումի ու սահմանագծումի հարցը ստացած է այնպիսի ընթացք, որ կարծէք թէ էական դարձած է այն, որ Սոթքէն մինչեւ Սիւնիքի որոշ կէտերը երկարող գիծը ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ հիմերու վրայ պէտք է ճշդել, անոր խաղաղութեան պաշտպանութիւնը ռուսակա՞ն, ՀԱՊկի՞, ֆրանսակա՞ն թէ այլ ուժերու պէտք է վստահիլ: Չենք անդրադառնար (արդեօ՞ք), որ նախ՝ այդ հատուածը պարզապէս միայն մէկ մասն է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի՝ այսպէս կոչուած սահմանին: Հարց չի տրուիր, օրինակի համար, թէ ինչո՞ւ պէտք է ապահով սեպել Սոթքէն մինչեւ Վրաստանի սահմանը, կամ Սեւ լիճէն մինչեւ Իրանի սահմանագիծը արդէն պէտք է «վերջացած հա՞րց» նկատել, ընդունելով, որ ազերիները պիտի տիրապետեն ճամբաներու, բարձունքներու, գրաւեալ հողերու, իսկ ռուս խաղաղապահներ պիտի ունենան ծանօթ դերակատարութիւնը (ուր, պէտք է տեսնել, որ ռուսական շահերը կը գերակշռեն հայկականին): Սա ինքնաբերաբար մեզ կը հասցնէ այն եզրակացութեան, որ Արցախի մէջ ազերիական այժմու ներկայութիւնը նուիրականացած է, իսկ վաղը, աւելի քան 4 տարի ետք, երբ ռուս խաղաղապահներուն առաքելութեան վերջին զանգը հնչէ, Ազրպէյճան պիտի լափէ նաեւ Ստեփանակերտէն դէպի հիւսիս ու արեւելք տարածուող գօտին, իսկ մինչ այդ, իր բռնագրաւած գօտին պիտի ազերիացնէ գործնապէս, բան մը՝ որ չէր կրցած ընել 20ականներէն մինչեւ 44օրեայ պատերազմը: Վերջին պատերազմին բռնկումը մօտաւորապէս տարի մը առաջ էր. այս ժամանակին պէս արագ պիտի թռչին նաեւ յառաջիկայ 4 տարիները, հոգ չէ թէ «Հայաստան» հիմնադրամն ու Հայաստանի ու Արցախի կառավարութիւնները այլապէս բարեմիտ ծրագիրներ կ՛իրականացնեն արցախցիներու վերաբնակեցման համար: Այլ խօսքով, եթէ սահմանագծումը միանգամընդմիշտ անտես պահէ ամբողջական Արցախն ու անոր կարգավիճակին վճռումը, մեր ապագան փայլուն չէ (չմոռնանք նաեւ, որ սահմանագծումի տրամաբանութիւնը արդէն կը տարածուի ու կը նուիրականանայ այն մօտեցումով, որ սակարկութիւնները տեղի պիտի ունենան նոյնինքն Հայաստանի հողերուն՝ առնուազն Սիւնիքի, Երասխի, Տիգրանաշէնի եւ Տաւուշի «կղզեակներ»ուն շուրջ, սկսելու համար…):
Իբրեւ մանրուք կը յանձանձուին նաեւ տնտեսական եւ ընկերային տագնապները: Իշխանութիւնը կը փորձէ համոզել, որ երկիրը տնտեսական վերելք կ՛ապրի, մինչդեռ ի՛ր իսկ վիճակագրութիւնները ցոյց կու տան հակառակը (եւ սա լուսարձակի տակ կը բերուի ընդդիմադիրներուն կողմէ): Կան աղքատութեան, արտագաղթի հոսանքին, ջրաբաշխումի եւ նմանօրինակ բազում հրատապ հարցեր, որոնք անպայման որ օրակարգի վրայ պիտի բերուին, պէ՛տք է բերուին անյապաղ, առանց «Բիւզանդական վէճ»ի վերածուելու: Ընդդիմադիր ճակատը այս իմաստով մեծ գործ ունի ընելիք, եւ իրազեկ է իր առաքելութեան: Անոր կը մնայ նաեւ իր կողքին համախմբել խորհրդարանէն դուրս մնացած այն ուժերը, որոնք նախանձախնդիր են (ո՛չ միայն խօսքով) յիշեալ առաջնահերթութեանց դարմանումին ի խնդիր գործակցելու (թէեւ փոքրաթիւ, սակայն անոնք աւելի կշիռ ունին քաղաքական եւ ժողովրդային բեմերուն վրայ, քան իշխանութեան արբանեակի դեր ստանձնողները): Այսուհանդերձ, կարելի չէ անտեսել այն հաւանականութիւնը, որ ընտրապայքարի օրերէն առաջ եւ մինչեւ խորհրդարանի նստաշրջանին բացումը՝ հակադիր ճակատներուն միջեւ վէճերը հիմնականին մէջ պիտի փոխադրուին խորհրդարանի բեմ: Սա տրամաբանական ըլլալով հանդերձ, գէթ ընդդիմադիրներուն առաքելութեան մաս պիտի կազմէ զանոնք դուրս բերել ամլութենէ: Ուրեմն, պէտք է ընդգծենք, որ այս խորհրդարանը գործի պիտի չանցնի լոկ «նոր փուլ» մը գոյացնելու նպատակով, այլ ունի պատմական առաքելութիւն մը՝ երկիրը դուրս բերել պատերազմին ստեղծած վիճակէն, վերջ տալ պարտուողականութեան, սկսիլ երկրին ու ժողովուրդին մէջքը շտկելու երթը:
Այս բոլորը, եւ բազում այլ հարցեր՝ առաւելաբար ներքին քաղաքական դաշտի դիտանկիւնէն: Կան, անշուշտ, արտաքին եւ շրջանային զարգացումները, որոնք քննարկելի են առանձնապէս (յաջորդիւ):
1 Օգոստոս 2021