Շուէտի Հայ Դատի յանձնախումբը նոյն երկրի արտաքին գործոց նախարարին յղած նամակով մը դատապարտեց 9-10 Յուլիս 2021ին, Ատրպէյճանի մէջ շարք մը երկիրներու դեսպաններու եւ դիւանագէտներու այցելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղ` գրաւուած հայկական Շուշի քաղաքը, որուն մաս կազմեց նաեւ Շուէտի դեսպան Քամիլ Քրիսթիան:
Նամակին մէջ Հայ Դատի յանձնախումբը կը գրէ հետեւեալը. «Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ կազմակերպուած այս քարոզչական շրջագայութեան միանալու շուէտացի դիւանագէտին որոշումը ցաւալի արարք է: Հայ Դատի յանձնախումբը այն կարծիքին է, որ Շուէտի պետութիւնը այս արարքին միջոցով կը հաստատէ Լեռնային Ղարաբաղի, Արցախի եւ Շուշիի բռնագրաւումը եւ այդպիսով կ՛օրինականացնէ այդ տարածքներուն մէջ տեղական հայ բնակչութեան դէմ Ատրպէյճանի պատերազմական յանցագործութիւնները»:
Նամակին մէջ յատուկ կերպով կը շեշտուի, որ Թուրքիոյ զինեալ ուժերով եւ սուրիացի վարձկան ահաբեկիչներով` Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը 2020 ի աշնան այսպէս կոչուած «44օրեայ պատերազմ»ին ընթացքին դիտաւորեալ ոչնչացուցին Շուշիի քաղաքացիական ենթակառոյցները եւ երկու անգամ ռմբակոծեցին քաղաքի Մայր տաճարը՝ աւելցնելով. «Այս կործանարար պատերազմին իբրեւ արդիւնք՝ Թուրքիա-Ատրպէյճան պետութիւններու առանցքին մէջ, դարաւոր հայկական Շուշի քաղաքը այժմ ենթարկուած է ազգային ամբողջական զտումներու եւ զրկուած իր բնակչութենէն` հայերէն»:
Յանձնախումբը նամակին մէջ կը շեշտէ, որ ԵԱՀԿի կողմէ տարուող բանակցութիւններուն առաջադրուած երկու հիմնարար սկզբունքներ` ուժ չկիրարկելը եւ մարդու ինքնորոշման իրաւունքը, պատերազմին ընթացքին խախտած են Ատրպէյճանի կողմէ: «ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի եռանախագահութիւնը` Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանները Պաքուի մէջ հրաժարեցան մասնակցելէ այս ուղեւորութեան` յստակ պատգամ փոխանցելով, որ Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը տակաւին լուծուած չէ», կ՛ըսուի նամակին մէջ, ուր նաեւ կը նշուի, թէ, ըստ երեւոյթին, Շուէտը, որ կը նախագահէ ԵԱՀԿին, ընդունելով Շուշի ուղեւորութեան հրաւէրը՝ դարձաւ հակամարտութեան կողմ, Ատրպէյճանի բռնատիրական վարչակարգի քարոզչական արշաւիմ մասնակից, եւ նոյն երկիրի դեսպանը բոլորովին անտեսեց հետեւեալ երկու հիմնական փաստերը եւ խարխլեց ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի ջանքերը` գտնելու Ղարաբաղեան հակամարտութեան տեւական, խաղաղ եւ արդար լուծում:
«Հետեւեալ երկու հիմնական փաստերն են`
«1.- Ատրպէյճան կը շարունակէ ապօրինի կերպով պահել առաւել քան 200 հայ պատերազմի գերիներ: Այս բանտարկեալները խոշտանգումներու ենթարկուած են եւ կ՛օգտագործուին իբրեւ քաղաքական սակարկութեան առարկայ, ինչ որ կը հակասէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ ստորագրուած Նոյեմբեր 2020ի զինադադարի եռակողմ հռչակագիրին մէջ նշուած կէտերուն:
«2.- Ատրպէյճան կը շարունակէ հրաժարիլ միջազգային կազմակերպութիւններու պահանջէն, ինչպէս՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕի պարագային, արտօնել այցելել Լեռնային Ղարաբաղի հայկական կրօնական յուշարձանները: Մինչդեռ հայկական կրօնական յուշարձաններու պղծման եւ ամբողջական ոչնչացման ապացոյցներ ի յայտ եկած են:
«Վերջապէս ոչ նուազ կարեւոր է Մայիս 2021էն ի վեր Ատրպէյճանի բանակին կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխան տարածքին մէջ գտնուող Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մարզերը ներխուժման փաստը, հայ զինուորականներ եւ խաղաղ բնակիչներ առեւանգելը եւ բռնութիւն բանեցնելը: Շուէտի հայերը վրդոված են եւ բացատրութիւն կը պահանջեն, թէ ինչո՛ւ Պաքուի մօտ Շուէտի դեսպանը մասնակցեցաւ Շուշի կազմակերպուած այցելութեան»:
Շուէտի Հայ Դատի յանձնախումբին` Շուէտի արտաքին գործոց նախարարին յղած բողոք-նամակին պատասխանեց արտաքին գործոց նախարարութեան նամակագրութեան բաժինի համակարգող Վիքթորիա Փիիրէնէ` նամակով մը, որուն մէջ կ:ըսուի հետեւեալը. «Շուէտ այս այցելութեան մաս կազմեց պետական մակարդակով եւ այցելութիւնը տեղի ունեցաւ այն շրջաններուն մէջ, որոնք, միջազգային օրէնքի հիման վրայ, կը պատկանի Ատրպէյճանին»:
Նամակի քանի մը այլ բաժիններու մէջ նշելով, որ Շուէտը իր կատարեալ աջակցութիւնը կը յայտնէ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի ջանքերուն` կողմերուն միջեւ խաղաղ եւ կայուն կարգավիճակ եւ փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտ իրականացնելու հոլովոյթին մէջ, կը յստակացնէ հետեւեալը.
«Արտաքին գործոց նախարարութիւնը բազմաթիւ անգամներ շեշտած է մարդասիրական իրաւունքի հասանելիութեան եւ բանտարկեալները ազատ արձակելու կարեւորութիւնը»:
Հայ Դատի յանձնախումբը կը նշէ, որ մարդկային իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան ջատաքով հանդիսացող Եւրոպայի կարեւոր ներկայացուցիչը կ՛անտեսէ ժողովուրդներու գերիշխան իրաւունքը, պատերազմի իբրեւ արդիւնք գերի առնուած անձերու ճակատագիրը եւ մարդկային տարրական իրաւունքը` բնակիլ այն հողին վրայ, ուր մարդիկ ծնած, ապրած եւ արարած են:
Շուէտի արտաքին գործոց նախարարութիւնը աչք կը փակէ նաեւ այն իրողութեան, որ Շուշին երբեւէ չէ եղած Ատրպէյճան կոչուող պետութեան տարածքին մէջ:
«Շուշին մնայուն կերպով եղած է նախկին ԼՂԻՄի, ապա նաեւ` Արցախի Հանրապետութեան կազմին մէջ: Իսկ Արցախի Հանրապետութեան ապագայ կարգավիճակի հարցը առաւել քան 20 տարիէ ի վեր եղած է եւ կը շարունակէ մնալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերեալ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի հովանիին տակ կատարուող բանակցութիւններու օրակարգի կարեւորագոյն հարցերէն մէկը», կը նշուի յայտարարութեան մէջ: