ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն եւ անոր իսրայէլացի պաշտօնակից Եայիր Լափիտ համաձայնեցան Օմանի ծովուն մէջ, իսրայէլեան նաւուն վրայ, անցեալ Ուրբաթ օր տեղի ունեցած յարձակումին շուրջ գործընկերներու հետ միացեալ հետաքննութիւն կատարելու:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս յայտնեց, որ երկու նախարարները հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկեցին «Մըրսըր Սթրիթ» բեռնատար նաւուն դէմ կատարուած յարձակումը: Ան նշեց, որ Պլինքըն եւ Լափիտ համաձայնեցան Բրիտանիոյ, Ռումանիոյ եւ միջազգային այլ գործընկերներու հետ աշխատելու։
Լափիտ Իրանը պատասխանատու նկատեց յարձակումին համար, որուն պատճառով նաւուն վրայ գտնուող բրիտանացի մը եւ ռումանացի մը մահացան: Ան շեշտեց, որ հարցը խիստ հակադարձութեան կը կարօտի: Լափիտ աւելցուց, որ Թեհրան համաշխարհային մակարդակի վրայ անկայունութեան աղբիւր կը ներկայացնէ, եւ կոչ ուղղեց «իրանեան ահաբեկչութեան» նկատմամբ լուռ չմնալու:
«Մեր տրամադրութեան տակ գտնուող գաղտնի սպասարկական տեղեկութիւնները կը հաստատեն, որ իսրայէլեան նաւը հարուածողը Իրանն է», նշեց Իսրայէլի վարչապետ Նեֆթալի Պենեթ:
«Իսրայէլեան նաւու վրայ յարձակում գործելու վերաբերեալ Թեհրանին ուղղուած ամբաստանութիւնները անհիմն են», իր կարգին յայտարարեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ: Ան հերքեց Օմանի ափերուն մօտ իսրայէլեան նաւուն վրայ կատարուած յարձակումին Իրանի մեղսակցութիւնը: