ՓԱՐԻԶ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Ֆրանսայի մէջ խստացուեցան սահմանափակումները այն անձերուն նկատմամբ, որոնք չեն պատուաստուած «Քորոնա» ժահրին դէմ:
Մասնաւորաբար, երկիրը շարք մը արգելքներ սահմանած է այդպիսի մարդոց հասարակական վայրեր՝ գինետուներ, ճաշարաններ, հիւանդանոցներ, առեւտուրի եւ ժամանցի կեդրոններ այցելելուն դէմ:
31 Յուլիսին ուժի մէջ մտած սահմանափակումներուն մասին յայտարարեց նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն: Ֆրանսայի նախագահը, դիմելով ժողովուրդին՝ ըսած էր, որ պատուաստումէն հրաժարիլը եսասիրութեան եւ անպատասխանատուութեան դրսեւորում է:
Շաբաթավերջին, Ֆրանսայի զանազան քաղաքներու մէջ առողջապահական անցաթուղթերու որդեգրման դէմ բողոքի ցոյցեր կատարուեցան:
Ըստ ոստիկանութեան տուեալներուն՝ շուրջ հարիւր քաղաքի մէջ բողոքի ցոյցերուն առաւել քան 204 հազար անձեռ մասնակցեցան: Ամէնէն շատ ցոյցերուն մասնակցողներ եղած են Փարիզի մէջ՝ շուրջ 14 հազար: