ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն պէտք է Մոսկուայի եւ Պէյժինկի հետ կարգ մը ոլորտներու մէջ գործակցի՝ հակառակ այն իրողութեան, որ անոնք Միացեալ Նահանգներու մրցակիցներ կը նկատուին:
«Աշխարհը մեծապէս կը փոխուի, եւ շատ կարեւոր է, որ մեր գործընկերներուն եւ դաշնակիցներուն հետ աշխատինք մեր ճարտարագիտական գերակայութիւնը պահպանելու, ներածման շղթան ամրապնդելու եւ երաշխաւորելու, որ ճարտարագիտութիւններու մարզին մէջ կանոնները ժողովրդավարութեան աջակցող ըլլան եւ ոչ թէ բռնատիրութեան», Ազգային ապահովութեան գործակալութեան պաշտօնատարներուն առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց Պայտըն:
Ան հասարակաց շահ ներկայացնող հարցերէն նշեց կլիմայի փոփոխութեան դէմ պայքարը՝ նշելով, որ անիկա «հասարակաց սպառնալիք մըն է, որ բոլոր երկիրներուն վրայ կ՛ազդէ» եւ զայն «ռազմավարական հարց» մը կը նկատէ:
«Ռաշա Թուտէյ»ը կը հաղորդէ, որ Պայտըն նաեւ նշեց հետեւեալը. «Փութին մեծ խնդիր ունի, որովհետեւ ան կը ղեկավարէ տնտեսութիւն մը, որ միայն հիւլէական զէնք եւ քարիւղի հորեր ունի, ուրիշ ոչինչ: Փութին գիտէ, որ տհաճ կացութեան մէջ կը գտնուի, եւ այդ, իմ կարծիքով, զինք առաւել քան վտանգաւոր կը դարձնէ»:
Պայտըն յայտարարեց, որ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւնները յուսադրող են: «Գործընթացը կը շարունակուի», ըսաւ Պայտըն՝ պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք բաւարարուա՞ծ է 28 Յուլիսին Ժընեւի մէջ սկսած Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ռազմավարական կայունութեան շուրջ բանակցութիւններու արդիւնքէն: