
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ներկայացուցիչներու տան անդամ Քեթրին Քլարք Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կոչ ուղղեց՝ անմիջապէս ետ քաշուելու Հայաստանի տարածքէն:
«Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը պէտք է անմիջապէս ետ քաշուին Հայաստանի տարածքէն եւ դադրեցնեն բռնութիւնը, որ արդէն բազմաթիւ մարդկային կեանքեր խլած է», նշեց քոնկրեսականը:
Ան հպարտութեամբ յայտնեց, որ թեր քուէարկած է քոնկրեսական Ֆրենք Փալոնի առաջարկած օրէնսդրական փոփոխութեան, որ կը սահմանափակէ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ատրպէյճանին զինուորական օգնութիւն տրամադրելը:
Փաստաթուղթը, որուն միացած էին թէ՛ դեմոկրատական, թէ՛ հանրապետական օրէնսդիրներ, կ՛արձանագրէ, որ Ատրպէյճանին յաջորդ տարի չի կրնար գումար յատկացուիլ Միջազգային զինուորական կրթութեան ու մարզումի, Արտաքին զինուորական աջակցութեան ծրագիրներով: Այս երկու յօդուածներով նախորդ տարի Ատրպէյճան Միացեալ Նահանգներէն 1 միլիոն 600 հազար տոլար ստացած էր:
Իր կարգին, Ներկայացուցիչներու տան անդամ Էտըմ Շիֆ Ատրպէյճանը զինուորական օգնութենէ զրկելու մասին Ներկայացուցիչներու տան կողմէ որդեգրուած օրինագիծը յաղթանակ նկատեց: «Ամերիկայի Ձայն»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին, քոնկրեսականը յայտնեց, որ Ներկայացուցիչներու տան կողմէ որդեգրուած օրինագիծը տակաւին քանի մը փուլերէ պէտք է անցնի: Ան նշեց, որ Ծերակոյտին եւ նախագահին կողմէ հաւանութեան արժանանալու պարագային, անիկա կրնայ հետագայ տարիներուն ընթացքին եւս պահպանուիլ:
«Յուսանք, որ անիկա Ծերակոյտին մէջ եւս յաջողութիւն կ՛ունենայ: Իբրեւ կանոն՝ մենք անցեալ տարիներուն ընթացքին տեսած ենք, որ նման նախագիծեր չեն արժանանար Ծերակոյտի հաւանութեան, սակայն մենք պէտք է պայքարինք նոյն բովանդակութեամբ օրինագիծը վերջնական յաջողութեան հասցնելու համար: Այս բովանդակութեամբ ասիկա առաջին օրինագիծն է, որ կ՛արժանանայ Ներկայացուցիչներու տան հաւանութեան», նշեց Շիֆ:
Խօսելով Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ տիրող լարուած կացութեան մասին՝ Շիֆ յատուկ կերպով ընդգծեց ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի դերին կարեւորութիւնը:
«Իմ կարծիքով, պէտք չէ նիւթապէս աջակցիլ երկրի մը, ուր մարդկային իրաւունքները կ՛ոտնակոխուին եւ որ կը սպառնայ շրջանային ապահովութեան ու խաղաղութեան: Բացի այդ, Ատրպէյճանի կողմէ զինադադարի դրութիւնը խախտելու դէպքերուն պատճառով սահմանին վրայ մտահոգիչ կացութիւն ստեղծուած է եւ դժբախտաբար վերջին օրերուն նաեւ եղած են զոհեր», նշեց ան:
Շիֆ նաեւ յայտնեց, որ պիտի շարունակէ աջակցիլ հայանպաստ բոլոր նախաձեռնութիւններուն՝ այդ ծիրին մէջ յատուկ կերպով ընդգծելով իր աջակցութեամբ վերջերս դաշնակցային կառավարութեան կողմէ Հայ-ամերիկեան թանգարանի շինարարութեան համար տրամադրուած շուրջ մէկ միլիոն տոլարը: