Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի Եդեմի Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնադրման 110 ամեակի պատմական յոբելեանին ընդառաջ, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանը 18էն 19 Յուլիս հովուական այցելութիւն մը տուաւ Ֆրեզնոյի շրջանը:
Կիրակի, առաւօտէն սկսեալ, Եդեմի եկեղեցւոյ կամարներուն տակ մէկտեղուած էին հարիւրաւոր հաւատացեալ հայորդիներ՝ մասնակցելու համար օրուան ընթացքին կատարուելիք սրբազան արարողութիւններուն:
Յընթացս Ս․ պատարագի, ձեռամբ Յովնան արք. Տէրտէրեանի եւ խարտաւիլակութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մաշտոց քհնյ. Քէշիշեանի տեղի ունեցաւ երեք ընծայեալներու` երկու դպիրներու եւ սարկաւագի մը ձեռնադրութիւնները, ներկայութեամբ՝ անոնց հարազատներուն եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան մը:
Աստուածային օրհնութեամբ, եւ շնորհներով օժտուած դպրաց եւ սարկաւագաց ձեռնադրութեան ընթացքին աղօթքներով, սաղմոսներով եւ շարականներու երգեցողութեամբ դպրութեան չորս խոնարհ աստիճաններ շնորհուեցան եկեղեցւոյ մէջ սպասաւորող երկու փոքրիկներու` Յակոբ Բեկոր Քէշիշեանին ու Ճեքսըն Փուչիկեանին:
Այնուհետեւ սարկաւագութեան ընծայեալը ծնկաչոք խորան բարձրացաւ եւ առաջնորդ սրբազան հօր օրհնութիւնը ստանալով՝ խորհրդանշական կերպով անոր յանձնուեցաւ քահանայական զգեստ, պատարագի խորհրդատետր, սկիհ եւ մաղզմայ բռնելու իրաւունք, ապա անոր տրուեցաւ վերաբերում կատարելու եւ Աւետարան ընթերցելու իրաւունք: Ապա սրբազանը ուրարը փոխադրեց նոր ձեռնադրուած Ալան սրկ. Ֆարսակեանի ուսին՝ իբրեւ Աստուծոյ Սուրբ սեղանի սպասաւորութեան խորհրդանիշ: Ալան սարկաւագը առաւել քան երեք տասնամեակներ նուիրեալ եւ անխոնջ կերպով կը ծառայէ եկեղեցւոյ:
Ձեռնադրութեան աւարտէն ետք, առաջնորդը շնորհաւորական բարեմաղթութիւն փոխանցեց նոր ձեռնադրուած դպիրներուն եւ սարկաւագին` նշելով, որ այս սրբազնասուրբ խորհուրդին եւ ձեռնադրութեան միջոցաւ անոնք արժանացան կարեւոր կոչումի մը՝ առաւել ջանասիրութեամբ եւ նուիրումով ծառայել եկեղեցւոյ եւ մեր ժողովուրդին: Այնուհետեւ սրբազան հայրը օրուան պատգամը տուաւ հաւատացեալներուն, ինչպէս նաեւ կոչ ըրաւ իւրաքանչիւրին՝ նորոգելու իր կոչումը եւ յանձնառու ըլլալու եկեղեցւոյ սուրբ առաքելութեան: Սրբազանը նաեւ աղօթք վեր առաքեց առ Աստուած`Եդեմի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ սկիզբէն ի վեր, նախկին եւ ներկայ բոլոր հիմնադիրներուն եւ հովիւներուն համար:
Ապա տեղի ունեցաւ նաեւ շնորհաբաշխութիւն, յընթացս որուն սրբազան Hye Spirit շքանշանով պարգեւատրեց Չարլի Անանեանը` առ ի գնահատանք եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի մէջ անոր երկարամեայ եւ վաստակեալ ծառայութեան:
Արարողութիւններու աւարտին, առաջնորդին գլխաւորութեամբ, բոլոր ներկաները թափօրով միասնաբար ուղղուեցան դէպի եկեղեցւոյ «Մաճարեան» սրահը, ուր տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ եւ գեղարուեստական յայտագիր մը` կազմուած կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտներուն կողմէ:
Ալան սարկաւագ Ֆարսակեան արտասանեց շնորհակալական խօսք մը ներկաներուն եւ պատմեց իր ընտանիքին բերած ծառայութիւնը եկեղեցւոյ: Ապա առաջնորդը, գնահատանքի նուէրներ յանձնելէն ետք, հրաւիրեց թեմի նախկին վաստակեալ Վաչէ արք. Յովսէփեանը, որուն խօսքով եւ աղօթքով եզրափակուեցաւ օրուան հանդիսութիւնը:
Յաջորդ օրը, առաջնորդը այցելութիւն մը տուաւ Ֆրեզնոյի շրջանին մէջ գործող Արեւմտեան թեմի ամառնային ճամբարը: Սրբազանը աղօթեց ճամբարին մասնակցող պատանիներուն հետ, ապա օրուան աւետարանական ընթերցուածին համաձայն՝ իր պատգամը փոխանցեց անոնց, որուն յաջորդեց հարցում-պատասխանի պահ մը։ Առաջնորդին կ՛ընկերակցէր Օքլընտի Ս. Վարդան Հայց. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ եւ ճամբարի հոգեւոր պատասխանատու Գրիգոր քհնյ. Զաքարեան:
Սրբազան ամենայն բարիք մաղթելով՝ վերադարձաւ առաջնորդարան: