
Տնտեսական ծանրագոյն տագնապը անգամ մը եւս եկած է իր աղէտալի հետեւանքները հասցնելու մեր լիբանանահայ քոյրերուն եւ եղբայրներուն։ Ամէնօրեայ կեանքի ամէնէն տարրական կարիքներու պակասը, մինչեւ ուտելիքի եւ դեղորայքի չգոյութիւնը՝ իբրեւ ամէնէն ծանր վտանգ կը սպառնան մեր ազգակիցներուն։
Վերջին հարիւրամեակին, մեր ազգային բոլոր իղձերուն եւ պահանջատիրութեան գլխաւոր կռուան հանդիսացած, մեր հայրենիքին եւ հաւաքական կեանքին անմնացորդ զինուորագրեալ՝ մեր լիբանանահայ համայնքը անյապաղ կարիքը ունի իւրաքանչիւր հայու զօրակցութեան եւ օժանդակութեան։
Ինչպէս համազգային տարողութեամբ բոլոր տագնապներու եւ հրամայականներու պարագային, անգամ մը եւս Արեւմտեան Ամերիկայի համայնքի մեր զաւակները կը գտնուին ձեռք-ձեռքի տալու եւ «Մէկ Ազգ, Մէկ Ապագայ» եզրոյթին հաւատարիմ՝ Լիբանանի հայութեան անմիջական օժանդակութիւն հասցնելու հրամայականին առջեւ։
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն իր բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս պիտի դնէ այս նպատակին՝ կոչ ընելով համայնքին, որ ամբողջական նուիրումով մասնակցի այս արշաւին։
ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ