Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գահակալ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը 2021 տարին հռչակած էր «Արցախի Տարի»: Այս իրողութեան լոյսին տակ, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան ընթացիկ տարուան մէջ, ի շարս այլ նախաձեռնութիւններու, նաեւ հիմը դրաւ «Նահատակի ընտանիքին» հիմնադրամին եւ այս ծիրին մէջ, հոգեւոր եւ ծառայական մէկշաբաթեայ առաքելութեամբ մը վերջերս մեկնեցաւ Հայաստան:
Հայրենիք կեցութեան ընթացքին, առաջնորդ սրբազան հայրը այցելեց Եռաբլուր եւ Պռոշեան գերեզմանատունը, ուր ամփոփուած են նահատակներու շիրիմները: Ստեղծելով աղօթական մթնոլորտ՝ սրբազան հայրը բարձրացուց յատուկ աղօթք, ապա շարականներու երգեցողութեան ճամբով խնդրեց Աստուծմէ, որ Արցախի փրկութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած նահատակ զինուորներու եւ կամաւորներու հոգիները հանգչին խաղաղութեամբ եւ անոնց ընտանիքները Տիրոջ օգնութեամբ մխիթարութիւն գտնեն:
Առաջնորդ սրբազան հօր առաքելութեան նպատակն էր՝ աղօթական, հոգեւոր ու բարոյական զօրակցութեան կողքին, նաեւ նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերել նահատակներու ընտանիքներուն: Այս իմաստով, սրբազան հայրը տեսակցութիւն ունեցաւ ութսուն ընտանիքներու հետ եւ անձնապէս լսեց անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ ընկերային պայմաններուն մասին տուեալները, ապա փորձեց իր աղօթքներով ու մխիթարական խօսքերով թեթեւցնել զաւակի, եղբօր, հօր, ամուսինի ու հարազատի կորստեան բեռան տակ ծանրօրէն կքած որդիներու, քոյր-եղբայրներու, այրիներու, մայրերու, մեծ հայր ու մայրերու վիշտը եւ սուգը: Ան տեսակցեցաւ մատղաշ որբերու հետ եւ գրկեց իրենց նահատակ հայրերը երբեք չտեսած քանի մը ամսական որբ մանուկներ, որոնց հոգածութիւնը եւ խնամքը կարիքը ունին ազգի բոլոր զաւակներուն ուշադրութեան: Սրբազան հայրը նաեւ աղօթական զօրակցութիւն ցուցաբերեց որդեկորոյս մայրերուն եւ այրիներուն ու անոնց լալէն չորցած անարցունք աչքերուն դիմաց յոյսի եւ լոյսի նոր պատուհաններ բանալու փորձ ըրաւ՝ մխիթարական խօսքերով, յորդորներով, անկեղծագոյն վշտակցութեամբ ու զօրակցութեամբ:
Արդարեւ, նիւթական վերջին այս յատկացումը կու գայ աւելնալու անցեալ ամիսներուն նոյն նպատակին կատարուած այն զօրակցութեան, զոր Արեւմտեան Ամերիկայի թեմը յատկացուց նահատակներու ընտանիքներուն: Արեւմտեան Ամերիկայի Ազգային առաջնորդարանը եւ ընդհանրապէս թեմը համահայկական բազմաթիւ ձեւերով (հիմնադրամ, դրամահաւաքներ, լիաբուռն նուիրատուութիւններ…) եւ զանազան միջոցներով զօրակցութիւն ցուցաբերած էր Արցախի պատերազմին զոհուած հայորդիներու ընտանիքներուն:
Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի բառերով՝ «Արեւմտեան թեմի Կրօնական ժողովին եւ Ազգային վարչութեան զօրակցութեամբ, ինչպէս նաեւ բոլոր նուիրեալներուն աջակցութեամբ մեր առաքելութիւնը շարունակելի է»:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ