ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութեան մը միջոցաւ, երկրի քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց՝ վերանայելու Հայաստան այցելութիւնը՝ համաճարակին պատճառով։
Ըստ Հիւանդութիւններու հսկման եւ կանխարգիլման կեդրոններուն՝ Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրին փոխանցիկութիւնը կը շարունակէ բարձր մակարդակի վրայ մնալ։
Նախարարութիւնը հաղորդագրութեան մէջ իր քաղաքացիներուն նաեւ կոչ կ՛ընէ Արցախ չայցելել, զինուած հակամարտութեան լոյսին տակ։
«Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մէջ կը շարունակուին կորուստներ արձանագրուիլ։ Ընդհատուած կրակոցները եւ հրետանային համակարգերու ընթացքին առ ժամանակ օգտագործումը, ներառեալ ցամաքային ականները եւ ականանետերը, ամէն տարի կը յանգեցնեն մահուան ու վիրաւորներու։ Խուսափեցէք «շփման գիծ»ի եւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ միջազգային սահմանին մօտիկ ճամբաներէն։ Ամերիկայի կառավարութիւնը ի վիճակի չէ արտակարգ ծառայութիւններ մատուցել Լեռնային Ղարաբաղ գտնուող ամերիկացի քաղաքացիներուն, որովհետեւ կառավարութեան աշխատակիցներու այնտեղ մեկնիլը կաշկանդուած է», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ։