Սոչիի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ճատրակի բաժակի մրցաշարքի ծիրին մէջ, Հայաստանի վերջին ներկայացուցիչը՝ գերվարպետ Հայկ Մ. Մարտիրոսեան (2648 կէտ) եւս 27 Յուլիսին դուրս մնաց, երբ 5րդ հանգրուանին պարտութիւն կրեց իրանցի գերվարպետ Ամին Թապաթապայէէն։
Դասական առաջին մրցումին, Մարտիրոսեան յաղթանակ մը արձանագրած էր, սակայն պարտուեցաւ երկրորդ մրցումին։ Յաղթականը որոշելու յաջորդ երկու մրցումներուն, իրանցի գերվարպետը 1.5-0.5 արդիւնքով առաւելութեան հասաւ։