ՊԱՔՈՒ, «Մինվալ»․- Սերպիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարեց, որ Պաքու Հայաստանէն տակաւին խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու առաջարկին վերաբերեալ պատասխան չէ ստացած:
«Ատրպէյճան հանդէս եկած է շարք մը առաջարկներով: Անոնք կը վերաբերին նաեւ Հայաստանի հետ բաց սահմանի հարցի լուծման` սահմանազատման հարցով քննարկումներ սկսելու միջոցով: Բացի այդ, անիկա կը վերաբերի նաեւ այն առաջարկին, որուն մասին բազմաթիւ անգամներ խօսած է Ատրպէյճանի նախագահը, այն է` Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու՝ Պաքուի պատրաստակամութիւնը: Դժբախտաբար, մենք տակաւին Հայաստանէն այդ առաջարկներուն վերաբերեալ արձագանգ չենք ստացած», ըսաւ Պայրամով: