ՆԻԿՈՍԻԱ.- Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Կիպրոսի կոմիտէին եւ յարակից միութիւններուն՝ Խանասորի Արշաւանքի 124ամեակի պատշաճ ոգեկոչում-հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 24 Յուլիսի երեկոյեան, Նիկոսիոյ ՀԵՄ-ՀՄԸՄ Մարզադաշտի մէջ:
Հանդիսութեան ներկայ էին կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան, Նիկոսիոյ հոգեւոր հովիւ Մոմիկ քհյն. Հապէշեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Սեւակ Կիւրիւնլեան, Երեսփոխանական ժողովի անդամներ, Համազգայինի վարչութեան ատենապետ Արթօ Դաւիթեան, ՀՕՄի անդամուհիներ եւ Կիպրահայ գաղութի անդամներ:
Հանդիսութիւնը սկսաւ Կիպրոսի ՀՅԴ կոմիտէի ներկայացուցիչ Սիմոն Այնէճեանի բացման խօսքով: Պատանեկան միութենէն երեք կրտսեր պատանիներ՝ Արինէ Մանուկեան, Միքայէլ եւ Կարէն Սարգիսեաններ ասմունքեցին Պարոյր Սեւակի «Քիչ ենք, բայց Հայ ենք» բանաստեղծութիւնը: Ապա, Հայ Դատի գրասենեակի ատենապետ Յակոբ Գազանճեան ներկայացուց օրուան բանախօսը՝ Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար, Աստուածաբանութեան դոկտոր, գրող, հրապարակագիր եւ հասարակական գործիչ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանը:
Դոկտ. Ճէպէճեան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց Խանասորի Արշաւանքի պատմականը, լուսարձակի տակ առնելով յատկանշական իրադարձութիւններ պատմական այդ դէպքին առնչութեամբ: Ան մատնանշեց հայ քաջամարտիկներու ազգային ինքնութեան, նուիրումի եւ հաւատքի ոգին, զոր անոնք կատարելութեան ամէնէն բարձր իրավիճակին հասցուցին՝ ֆիզիքական նահատակութեամբ, առանց երբեք սակարկելու իրենց համոզմումները: Դոկտ. Ճէպէճեան վեր առաւ պատմութեան շարունակականութեան հոլովոյթները՝ ընդգծելով. «Պատմութիւնը ունի շարունակական ընթացք եւ ընդունուած իրականութիւն է, որ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ: Եւ այս իմաստով պէտք է հայ ժողովուրդի պատմութիւնը դիտել եւ զայն վեր առնել իր ամբողջութեան մէջ՝ մինչեւ ներկայ ժամանակները»:
Դոկտ. Ճէպէճեան կամրջեց Խանասորի Արշաւանքի իրադարձութիւնը ներկայ օրերու հայաշխարհի իրականութեան հետ եւ ընդգծեց հայուն կեանքի ներկայ օրերէն վեր կանգնելու անհրաժեշտութիւնը 44օրեայ պատերազմէն ետք: «Հայ ժողովուրդի ամբողջ պատմութեան ընթացքին, ամէն ձախողութենէ ետք մի՛շտ յաջորդած է յաջողութիւն: Եւ այս անգամ ալ, հայը պիտի յաջողի դուրս գալ իր այս դժուար կացութենէն» ըսաւ ան:
Ան կարեւոր նկատեց բարոյական եւ ազգային արժէքներու եւ կենցաղի համակարգ մը ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ Արցախի ներկայ տարածքի պահպանման կարեւորութիւնը եւ վերատիրանալու գէթ ԼՂԻՄԻ սահմաններուն: Ան նոյնպէս կարեւոր համարեց Սփիւռքի կարողականութիւնը եւ ընդգծեց նոր ռազմավարութիւն մը ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք յարաբերութեան մէջ: «Հայը ունի միտք եւ պատրաստուած մարդկային ներուժ: Պէտք է կարենանք համադրել մեր մտաւոր բոլոր մասնագիտական կարողութիւնները եւ ներմուծել զանոնք մեր հայրենիքի կեանքին մէջ», ըսաւ ան:
Դոկտ. Ճէպէճեան շեշտը դրաւ միասնականութեան հրամայականին վրայ, իբրեւ գլխաւոր երաշխիք՝ դիմագրաւելու ներկայ ճգնաժամները: «Մենք մի՛շտ պարտինք յիշել, որ ցեղասպանուած ժողովուրդ ենք եւ միասնականութիւնը մեզի համար միակ ուղին է մեր ազգային ու հաւաքական կեանքը կերտելու եւ ապահովելու մեր պատմութեան շարունակականութեան ընթացքը» եզրափակեց ան:
Ձեռնարկի վերջաւորութեան, Համազգային «Սիփան» պարախումբ համալրեց երեկոն մարտական պարով մը, որմէ ետք սրբազան հայրը հանդէս եկաւ փակման խրախուսիչ խօսքով: Խնամուած եւ բծախնդրութեամբ պատրաստուած յայտագիրը, վերջ գտաւ «Կարկուտ տեղաց Խանասորայ դաշտումը» երգով: