Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Ուսանողութեան տարիներուս, ունէի դասընկեր մը (պիտի բաւականանամ զինք Յարութ կոչելով), որ առաջին քայլերը առած էր գեղանկարչութեան դաշտերուն մէջ, մասնակցած էր երիտասարդ գեղանկարիչներու հաւաքական ցուցահանդէսներու, այդ պատճառով ալ, յատուկ յարգանք կը վայելէր դասընկերներուն եւ երիտասարդական որոշ շրջանակի մը մէջ: Երբեմն մեզ կը հրաւիրէր իր տունը, որուն տանիքին վրայ ունէր փոքր աշխատանոց մը. բաւական թափթփած, փոքր սենեակ մըն էր, ուր նստելու տեղ մը գտնելու համար, այցելուներս պարտաւոր էինք սպիտակ պաստառներ, կիսաւարտ եւ լրումին հասած գեղանկարներ, փորձ-գծագրութիւններ հաւաքել բազկաթոռներու եւ նստարաններու վրայէն, շարել պատերու տակ, յետոյ, անկիւնը դրուած փոքր սառնարանէն որսալ շիշ մը գարեջուր եւ զրոյցի նստիլ հիւրընկալին հետ:
Մենք՝ արուեստէ շատ բան չհասկցողներս, Յարութին մէջ ունէինք ինքնակոչ «դասախօս» մը, որ մեզի ծանօթութիւն կու տար, թէ գեղանկարչութեան եւ առհասարակ արուեստի տարբեր կալուածներուն մասին, թէ անոնք ինչպէ՞ս կտրած են հին ու նոր դասականութեան, վիպապաշտութեան, տպաւորապաշտութեան եւ այլ դպրոցներու դարաշրջանները, հասնելու համար գերիրապաշտութեան եւ տարբերակներուն: Իր ունեցած գեղատիպ հատորներուն մէջէն ցոյց կու տար այդ դպրոցներու առաջատար վարպետներու գործերէն պատկերներ: Բնականաբար դասականներն ու տպաւորապաշտները տեսնել-հասկնալը մեզմէ մեծ ճիգ չէր պահանջեր, սակայն հարցը կը փոխուէր, երբ հասնէինք 20րդ դարու եւ մեզի ժամանակակից կարգ մը արուեստագէտներու գործերուն: Տալի մը կամ Փիքասօ մը որոշ չափով «տեսանելի» էին առերեւոյթ, սակայն անոնց «այլանդակ» պատկերները կամ գիծերու, ձեւերու «խրթին ագուցում»ները դիւրամատչելի չէին: Կը փորձէինք լուսաբանութիւն կորզել Յարութէն, որ համբերութեամբ կը փորձէր լուսաբանել մեզ, սեղմ ծանօթութիւններ կու տար, օրինակ, այդ արուեստագէտներուն ապրած ժամանակաշրջանին, անձնական ու մարդկային դաժան փորձառութիւններուն մասին, լոյս սփռելու համար, թէ այս կամ այն «այլանդակութիւն»ը ինչպիսի՛ փորձառութեան մը, ապրումի մը, իրականութեան մը ականատես արուեստագէտ-մարդու մը իւրօրինակ մեկնաբանութեան արդիւնքն էր: Ու երբ կը հասնէինք տեղ մը, ուր իր բացատրութիւնները չէին մատչիր մեր թերի եւ չկազմաւորուած (արուեստի) իմացականութեան, կը սկսէինք կատակներ ընել նշուած նկարներուն շուրջ, ծիծաղելի բաներ տեսնել-ցոյց տալ սա կամ նա գեղանկարին մէջ: Ճարահատ՝ Յարութը մեղմ ժպիտով մը մեր երեսին կը նետէր. «Ասանկ գործեր հասկնալու համար, խորացումի պէտք ունիք, պէտք է աւելի՛ ուսումնասիրէք շրջապատը, աշխարհի դառն իրականութիւնները, եւ փորձէք տեսնել, որ արուեստագէտ մը պարզ մահկանացուներէս որքա՜ն տարբեր կը զգայ-կ՛ըմբռնէ այդ վիճակները, իր ներաշխարհէն անցընելով՝ իւրայատուկ, ուրիշէն տարբեր արտայայտչաձեւերով կը պատկերէ զանոնք պաստառի մը վրայ, ակնկալելով, որ այդ ձեւերուն եւ գոյներուն ընդմէջէն, դիտողը հաղորդակից դառնայ իր աշխարհին, թէեւ ատիկա իր առաջին հոգը, մտասեւեռումը չէ. ան նախ եւ առաջ իր տեսածն ու զգացածը պէտք է դուրս բերէ իր ներաշխարհէն եւ դնէ պաստառի վրայ, կամ ձեւ տայ քանդակով մը եւ այլն»: Յետոյ, կատակով մը կ՛աւելցնէր. «Ասանկ գործեր հասկնալու եւ մեկնաբանելու ուրիշ ձեւ մըն ալ այն է, որ ասոնց մէջ, ամէն մարդ կրնայ տարբեր բան տեսնել, իր ուզածը տեսնել, իր հասկցածը ցոլացնել, կամ ալ… բան մը չհասկնալ նման գործերէ»:
***
Վերի պատմութիւնը արձանագրելով, նպատակ չունիմ ընթերցողիս ըսել, թէ որքան բան կը հասկնամ, կամ բան մըն ալ չեմ հասկնար գեղանկարչական արուեստէն: Յարութն ու իրեն հետ ընկերներուս զրոյցները յիշեցի, մասնաւորաբար վերը արձանագրած վերջին խօսքերուն պատճառով. «Ամէն մարդ իր ուզածը կը տեսնէ, կամ բան մըն ալ չի տեսներ…»: Իսկ այդ խօսքերը մտաբերելուս շարժառիթն ալ՝ Հայաստանի նորագոյն իրադարձութիւններն են, մասնաւորաբար 44օրեայ պատերազմին, անոր հետեւանքներուն եւ ստեղծած քաղաքական զարգացումներուն համայնապատկերը: Փաստօրէն, Հայաստան ամիսներէ ի վեր հայուն ու աշխարհին կը ներկայանայ գերիրապաշտ նկարիչի մը, քանդակագործի մը ստեղծած գործերուն նմանակին պատկերով, պատկեր՝ որմէ մարդ բան չի հասկնար, կամ՝ ամէն մարդ կը հասկնայ այն՝ ինչ որ ինք կ՛ուզէ, կը ցանկայ, առանց մտածելու, թէ արդեօք իր մօտեցումն ու պատկերացումը համապատասխա՞ն են իրականութեան:
Որպէսզի ես ալ չմատնուիմ բառերով անհեթեթ պատկեր մը գծողի դերին, արձանագրեմ քամի մը գիծ (առանց վարպետ գծողի յաւակնութեան), որոնց համագումարը, ամենամեղմ բառերով, գերիրապաշտ համայնապատկեր մըն է, իսկ դէպքերը մեզ կը տանին անհեթեթի թատրոնի բեմը:
– 44 օր պատերազմ մղեցինք «յաղթելու ենք» նշանախօսքին հաւատալով (իսկապէս հաւատացած էինք, յենելով նախորդ յաղթանակներու դրական փորձառութեան վրայ), յետոյ արթնցանք ու տեսանք, որ ո՛չ միայն պարտուեր ենք, այլ նաեւ հազարաւոր զոհեր ու վիրաւորներ ունինք, հայրենի հսկայական տարածքներ կորսնցուցեր ենք, բազմատասնեակ հազարաւոր բռնագաղթուածներ կան, անորոշ թիւով գերիներ, աւերակում եւ ոճրային բռնարարքներու բազմագոյն հետեւանքներ: Ժողովուրդը այս բոլորը տեսաւ, խաբկանքը խորաչափեց, եզրակացութիւններու հասաւ, յետոյ գնաց, իր քուէներուն մեծամասնութիւնը տուաւ անոր, որ խաբկանքն ու խաբեպատիր վարքագիծը «քաղաքական նոր մշակոյթ»ի վերածած էր: (Եւ գերիրապաշտութիւնը՝ բան չհասկնալու դուռին բացումը այս կէտէն կը սկսի. հետեւցնենք՝ զանգուածը կը սիրէ խաբուիլ, կը սիրէ զինք վնասներու տանողը, հայրենազրկողը):
– Պատերազմէն ծնունդ առած համաձայնագիրը (սա կը կոչեն նաեւ յայտարարութիւն, իբրեւ թէ իրականութենէն բան պիտի փոխուէր) վերածուեցաւ ներքին ու շրջանային դրօշակի: Հայաստան, որ ի սկզբանէ շատ քիչ բարիք կրնար ակնկալել անկէ, ոչինչ ունեցաւ (բացի ռազմական մահասփիւռ ու աղէտալի գործողութեանց դադրեցումէն): Մինչեւ իսկ ռազմագերիներու հարցը աճուրի հանուեցաւ եւ ամէն շաբաթ, քանի մը տասնեակ հայ գերի Պաքու դատարաններուն մէջ կը քաշքշուին, բանտարկութեան եւ վարկաբեկումի կը մատնուին, իսկ Երեւան կը շարունակէ թոթովախօսութիւնը:
– 9 Նոյեմբերի յայտարարութեան հիմամբ, նաեւ սակարկութիւններ տեղի կ՛ունենան, եւ անոնցմէ բարիք չի բուրեր հայկական կողմին համար, բացի պատրանական երազներէ ու ծրագիրներէ: Ազրպէյճան (ու անոր ետին կանգնող Թուրքիան) բանիւ եւ գործով կը հետապնդեն իրենց ծրագիրները, արդէն նոր «ընկերակից» մը՝ գրաւեալ հիւսիսային Կիպրոսը բեմ կը բերեն իրենց դիրքը զօրացնելու համար: «Փոխանցման շրջան» մը ապրող Հայաստանի իշխանութիւնը, դասարանը կրկնող աշակերտի մը պէս, կը կրկնէ ու կը կրկնէ, թէ «Ազրպէյճանը կը փորձէ խափանել խաղաղութեան ընթացքը, համաձայնութեան կէտերուն իրականացումը», մինչդեռ Հայաստան պատրաստ է հարցերը խաղաղ միջոցներով լուծելու, անոր համար ալ, պէտք է սահմանային գօտիներէն ուժերը «հայելանման հեռացուին եւ ստեղծուի սահմանային չէզոք գօտի» (անշուշտ այս «բարի տրամադրութեան» կ՛ընկերանան խաղաղարար ուժերու հաստատման, սահմանագծումի առաջարկներ, որոնք մինչեւ իսկ ներքին սպառումի չեն ծառայեր, այլ կը մատնեն այլոց շահադիտական տրամադրութիւնները…):
– Ազերիական ուժերը աւելի քան 2.5 ամիսէ ի վեր գրաւած են նոյնինքն Հայաստանէն սահմանային տարածքներ, դիրքեր հաստատած են ռազմագիտական կարեւորութիւն ունեցող բարձունքներու վրայ, տրամադիր չեն նահանջելու, որովհետեւ օր-ցերեկով լսեցին, թէ Հայաստանի խաղաղասիրութիւնը թոյլ չի տար, որ այս կամ այն լիճին կամ հողատարածքին համար պատերազմ մղէ: Աւելի՛ ուժեղ կը հնչեն «Զանգեզուրի անցքը» ունենալու թուրքեւազերիական ախորժակները, հրապարակ կը նետուին քարտէսներ, ուր Սեւանի կէսն ալ Ազրպէյճանին կցուած կը ներկայացուի, հետը ունենալով ամբողջ Սիւնիքն ու Նախիջեւանի սահմանէն հիւսիս տարածուող գօտիներ: Այս բոլորի դիմաց, Հինգշաբթի օր, 22 Յուլիսին, Փաշինեան դարձեալ հանդէս կու գայ մեղադրական խօսքերով եւ «սահմանագիծէն հայելանման հեռանալու» չնաշխարհիկ առաջարկին կրկնութեամբ…
– Հայաստան մօտաւորապէս 2 ամիսէ ի վեր արտաքին գործոց նախարար չունի: Չկան նաեւ քանի մը փոխնախարարներ: Նորագոյն փախուստը արձանագրուեցաւ պաշտպանութեան նախարարութեան բեմէն: Բան հասկցող կա՞յ, թէ Հայաստանի (ու Արցախի) ներկայ տարապայման կացութեան մէջ, նման նախարարութիւններու թափուր մնալը որո՞ւ հաշիւներուն նպաստ կը բերէ: Ասոնք գերիրապաշտ համայնապատկերին ամէնէն աչքառու գիծերն են եւ ցոյց կու տան, թէ կառավարութեան ղեկը պահողը որքա՜ն… ամենակարող է (Ստալինն իսկ այսքան մեծ կարողութիւններով օժտուած չէր, գոնէ կար Բերիան): Նման մանր գիծեր կ՛արձանագրուին նաեւ խորհրդարանի պատերէն ներս. իշխանաւորներու ցանկէն ներկայացուցիչ մը կը հրաւիրուի գրաւելու թափուր մնացած աթոռ մը, երդումը կու տայ «Իմ Քայլ»ի խմբակը ուռճացնելու նախահաշիւով եւ անմիջապէս կ՛որոշէ հեռանալ այդ խմբակէն, ինքզինք կը հռչակէ անկախ պատգամաւոր:
– Ընտրական կեդրոնական յանձնաժողովէն ետք, Սահմանադրական դատարանն ալ ոտնատակ կ՛ընէ ընդդիմադիրներու այն փաստարկները, որոնք ապացուցեցին, թէ 20 Յունիսի ընտրութիւններուն արդիւնքը առնուազն չէ այն՝ ինչ որ պաշտօնականացուեցաւ եւ հիմա կը հռչակուի իբրեւ «ազատ, օրինական եւ անխարդախ ընտրութիւն»: Երկու պաշտօնակատար խմբակներն ալ մերժեցին մանրակրկիտ քննութիւն բանալ ներկայացուած փաստերուն եւ անոնց հիմամբ ներկայացուած առաջարկներուն շուրջ, եւ ի հարկին՝ փաստացիօրէն հերքել մեղադրանքներն ու աղաղակող կասկածները: Սա եղաւ այլանդակ մէկ տարբերակը այն «գործընթաց»ին, որ կը կիրարկուի ընդդիմադիր դէմքերու հանդէպ: Սա կամ նա կը ձերբակալուի, կ՛ամբասատանուի, կ՛արգելափակուի, յետոյ կը փաստուի, թէ եղածը շինծու բան էր, մեղադրանքը անհիմն էր ու քաղաքական կէտեր շահելու կը ծառայէր. մարդիկ անպարտ եւ ազատ կ’արձակուին:
– «Առեղծուած» կը թուի, թէ Հայաստանի հարաւային գօտիէն ինչո՞ւ այսքան մեծ թիւով քաղաքապետ-գիւղապետ հետապնդումի, ձերբակալութեան ու բանտարկութեան կը մատնուին, մինչդեռ շրջանը կը գտնուի Ազրպէյճանի կախած «Դամոկլեան սուեր»էն մէկուն տակ: Անբացատրելի… բացատրութիւն մը կը տրուի, թէ իշխանութիւնը որոշած է ընդդիմադիրները ճնշել, «պողպատի յեղափոխութիւն»ը կիրարկել քաղաքական մրցակիցներու դէմ, մինչդեռ ազերինե՛րն են հող գրաւողը, սպառնացողը, բռնադատողը (Սիւնիքէն բռնագրաւուած տարածքները լուսանցք նետուած են, Երասխն ալ թիրախ է, իսկ Արցա՞խը… Գերիրապաշտ այս պատկերին մէջ Արցախ փնտռելը առնուազն… անիրապաշտութիւն է):
***
Կարելի է այսպէս՝ երկար շարունակել ցուցակագրումը այն գլխաւոր գիծերուն, որոնցմով կազմուած է Հայաստանի գերիրապաշտ գեղանկարը, որմէ, ինչպէս նշեցի, ամէն մարդ իր ուզածը կը հասկնայ, կամ… բան չի հասկնար:
Աւելցնեմ փոքր մանրամասնութիւն մը: Այս պաստառը ունի շրջանակ. անտէր պաստառ մը չկարծէ՜ք: Շրջանակին գոյները կը կոչուին Ռուսիոյ շահերը՝ Արցախի, Հայաստանի, ընդհանրապէս Կովկասի մէջ, եւ, զուգահեռաբար՝ Թուրքիոյ ու Ազրպէյճանի հետ (այսօր այսպէս է. վաղը… Աստուած ողորմած է), Եւրոպական Միութեան հաշիւները, Միացեալ Նահանգներու կծկումի եւ վերատարածուելու ճիգերը (Աֆղանիստանէն մինչեւ Քուպա եւ Հարաւային Ամերիկա), Թուրքիոյ համաթուրանականութիւնը, որ առերեւոյթ մտահոգութիւն կը պատճառէ բարեկամներու եւ դաշնակիցներու, սակայն վերջինները պատրաստ են Աֆղանիստանի մէջ դեր վստահելու Թուրքիոյ…
***
«Առեղծուածային» այս գերիրապաշտ նկարը կը կազմէ խորապատկերը այն բեմին, որուն վրայ հրապարակ պիտի իջնէ նորընտիր խորհրդարանը, 2 Օգոստոսէն սկսեալ:
Աթոռներուն ընդհանուր պատկերը յստակ է: «Իմ Քայլ»ը մէկդի դրած է դիմակը եւ հիմա կը ներկայանայ «Քաղաքային Պայմանագրութիւն» իսկական անունով, իսկ սա կը նշանակէ Նիկոլ Փաշինեան Ալֆա-Օմեղան:
Ընդդիմադիրները չունին ազդու ձայն ըլլալու չափ աթոռ, չեն հրաժարիր այն դրօշէն, զոր բարձրացուցին «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի ստեղծման օրերէն: Մասնաւորաբար «Հայաստան» դաշինքը կը յայտարարէ, թէ իր առաքելութիւնը պիտի ըլլայ վերջ տալ կորստաբեր ճամբուն եւ ճիգ ընել՝ քայլ առ քայլ վերականգնելու կորուստները (պահ մը մոռնանք անձերը, կեդրոնանաք 10 Նոյեմբերէն ասդին ստեղծուած երկու գիծերուն՝ կորուստներու եւ վերականգնելու յոյսերուն վրայ): Այս դաշինքը առանձին չէ նման առաջադրանքով հրապարակ գալու մէջ, շատեր կը հաւատան, որ Փաշինեանով ներկայացող գիծը շատոնց սպառած է եւ սնանկացած, ուշ կամ կանուխ, անոր չէզոքացումն ու իշխանութենէն հեռացումը պիտի ըլլայ վերականգնումի ճամբան բացողը (հետեւաբար, պէտք է կազմել իրական այդ պատկերի՛ն շրջանակը եւս): Կը մնայ, որ խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ուժերը, որոնք կը հաւատան թէ Հայաստանն ու Արցախը պէտք չէ կորսուին թուրք-ազերիական որկորներուն մէջ, կոչուած են համախմբուելու եւ միացնելու հայրենանուէր ձեռքերը, ինչո՞ւ չէ՝ ներգրաւել նաեւ առայժմ իշխանութեան հետ քալող, սակայն իրականութիւնները տեսնող «իշխանականներ»: (Ո՞վ կ’ըսէ, թէ ՔՊէն հեռացողներ-անկախացողներ պիտի չըլլան մօտիկ կամ քիչ մը աւելի հեռու ապագային, վաղը՝ երբ աւելի պարզ բառերով հնչեն «սահմանագծում»ի եւ «ազերիներէն հող խլած ենք, պէտք է վերադարձնենք» հրամայականները, զգացուին այլ «սուր» խոցերը…)
***
Այս բոլորով հանդերձ, ու այսօրուան ընդհանուր պատկերին դիմաց, գերիրապաշտ, անհեթեթի թատրոն յիշեցնող համայնապատկերը իրապաշտութեան գիծերով օժտելու ընդդիմադիրներուն ձգտումները մնան անորոշ հորիզոններու դիմաց:
… Արդեօք պէտք է նոր Սամուէլ Պէքէ՞թ մը փնտռել:
22 Յուլիս 2021