Թոքիոյի մէջ, 23 Յուլիսին տեղի ունեցաւ 32րդ Ամառնային Ողիմպիական խաղերու բացման արարողութիւնը;
Համաճարակին պատճառով, Ողիմպիական խաղերուն 120ամեայ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, արարողութիւնը տեղի ունեցաւ առանց հանդիսատեսներու: Մարզադաշտին մէջ ներկայ էին միայն պաշտօնական պատուիրակութիւններու ներկայացուցիչները եւ խաղերուն մասնակցողները:
Յիշեցնենք, որ խաղերուն Հայաստանէն կը մասնակցին 17 մարզիկներ։
