ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին ԹրԷյսի հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Նարեկ Մկրտչեանի հետ` քննարկելով մարդոց օգտագործման դէմ պայքարին մէջ Հայաստանի ձեռքբերումները:
Միացեալ Նահանգներու դեսպանը անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ անոր շուրջ ծաւալած հակամարտութեան իբրեւ արդիւնք տեղահանուած ընտանիքներուն աջակցելու ու անոնց իրաւունքները պաշտպանելու ուղղութեամբ Միացեալ Նահանգներու ջանքերուն: