ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 23 Յուլիսին, Պաքուի վերաքննիչ դատարանի վարչական շէնքին մէջ աւարտեցաւ 13 այլ հայ ռազմագերիներու քրէական գործով դատաքննութիւնը, որուն աւարտին անոնք դատապարտուեցան 6 տարուան բանտարկութեան՝ «ահաբեկչութեան, Ատրպէյճանի պետական սահմանը ապօրինաբար հատելու, ապօրինի զէնք-զինամթերք պահելու» շինծու մեղադրանքներով։
6 տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցան Ռաֆիկ Կարապետեան, Գուրգէն Գոլոյեան, Հրայր Թադեւոսեան, Վաղարշակ Մալոյեան, Սասուն Եղիազարեան, Արսէն Վարդանեան, Վահագն Բահրիկեան, Սեդրակ Սողոմոնեան, Արման Դիլանեան, Մանուկ Մարտոյեան, Մելս Ամբարդանեան, Անդրանիկ Միքայէլեան եւ Ֆելիքս Գրիգորեան: