ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի զինուած ուժերը 23 Յուլիսին, կէսօրէն ետք ժամը 5ի շուրջ, կրակ բացին հայ-ատրպէյճանական սահմանի Գեղարքունիքի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնեցին, որ անոնց նախորդեցին կրակոցներ իրենց` ատրպէյճանական մարտական յենակէտերուն մէջ, ինչ որ կրնայ պայմանաւորուած ըլլալ ատրպէյճանցի զինուորականներուն միջեւ տեղի ունեցած` անձնական բնոյթ ունեցող միջադէպով: Այդ մասին կը խօսի նաեւ այն փաստը, որ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր հաղորդագրութեան մէջ կը նշէ, թէ հայկական կողմի բացած կրակէն ետք ատրպէյճանցի զինուոր մը մահացած է:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտարարէ, որ հակազդող գործողութիւններու չէ դիմած մինչեւ այն պահը, երբ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը կրակ բացին հայ սահմանապահներուն ուղղութեամբ:
«Ադրբեջանական կողմի հերթական սադրանքի արդիւնքում սկսուած ինտենսիւ (խիստ) փոխհրաձգութեան հետեւանքով հրազէնային թեթեւ վիրաւորում է ստացել ՀՀ ԶՈՒ 3 զինծառայող: Նրանց կեանքին վտանգ չի սպառնում», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:
Ըստ աղբիւրին` Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը խստիւ կը դատապարտէ Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն հերթական սադրանքը՝ իրադրութեան սրման ամբողջ պատասխանատուութիւնը կրելով։
Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմը յայտնեց, որ 23 Յուլիսին ահազանգեր ստացած է, որ ատրպէյճանական զինուած ուժերը կրակոցներ արձակած են Հայաստանի Գեղարքունիքի մարզի Կութ, Սոթք եւ Ազատ գիւղերուն հարեւանութեամբ:
Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմէն յայտնեցին, որ կրակոցները սկսան կէսօրէն ետք ժամը 5ին եւ որոշ ընդհատումներով շարունակուեցան՝ տարբեր տրամաչափի զինատեսակներէ, նաեւ՝ դէպի հայկական զինուած ուժերու դիրքերը: Ընդ որում, Ատրպէյճանի զինուած ուժերու դիրքերը, օրինակ, Կութ գիւղի անմիջապէս հարեւանութեամբ տեղակայուած են` շուրջ 3 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, ու անոնք կը գտնուին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մէջ:
Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը յատուկ կերպով կ՛արձանագրէ, որ ատրպէյճանցիներու կրակոցները յանցաւոր բնոյթի են, կը կատարուին քաղաքացիներու կեանքին եւ առողջութեան, այլ կենսական իրաւունքներու համար իրական վտանգաւոր եղանակով: Անոնք կ՛ոտնակոխեն բնակիչներուն անդորրը եւ խաղաղ կեանքը:
«Կրակոցների յանցաւոր լինելն ակնյայտ է ՀՀ սահմանային միւս հատուածներում` բնակավայրերի հարեւանութեամբ ադրբեջանական զինուած ուժերի հրահրած կրակոցների ֆոնին եւ նաեւ ապացուցւում է այն փաստով, որ Կութի հատուածում ադրբեջանական պարբերական դարձած կրակոցներից այսօր վիրաւորուել է ՀՀ զինուած ուժերի երեք զինծառայող», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:
As long as Diaspora majority Nation is not wholly Organized we are considered as
DIVIDED “PEOPLE” not “NATION”, assisting All Kinds Of Enemy TRIALS, advances into Armenia Land
and GIVE ADVANTAGE TO OCCUPY ALL. Therefore. form outside a SHADOW
GOVERNMENT, following ALL events could ASSIST as ONE VOICE and BACKING AGAINST FOREIGN OCCUPATIONS, MEDDLING INTERNAL AFFAIRS, SAME TIME ASK INTERNAL REFORMS, non existent, SINCE 30 YEARS, BASED ONLY LOOTING AND
APPROPRIATION of individuals PROPERTY,LAND, BUSINESS & BELONGINGS. ONLY
ORGANIZED, UNITED, ONE VOICE, NOT PARTIAL FORCES, CAN HELP TO SAVE, AS ONE NATIONAL DESIRE. Concluding: OUTSIDE SHADOW GOVERNMENT FORMATION
EXPRESSING TOTAL NATION’S MAJORITY VOICES, ASSISTING IN ALL FIELDS, OPPOSE WHEN THERE IS PRESSURE >>TO IMPOSE DISMEMBERMENT BY FORCE
OR BY DIPLOMACY<<, AGAINST ARMENIA & ITS POPULATION "WILL"PLUS OUR RIGHTS AS FORCEFULLY DISPLACED OUTSIDE BY FORCE AND GENOCIDE, ASKING
RETURN BACK NAKHICHEVAN PROVINCE TO ARMENIA AFTER 100 YEARS AS AGREED & SIGNED, OTHERWISE ALL MOSCOW AGREEMENT IS NIL AND VOID ,
IMMEDIATELY RETURNING BACK ALL 1918 1ST REPUBLIC'S TERRITORY !!!!