ԵՐԵՒԱՆ.- 23 Յուլիսին, Հիւսիսային պողոտային վրայ, իբրեւ պաշտպանութիւն Սիւնիքի համայնքապետերուն՝ կազմակերպուեցաւ ստորագրահաւաք, որուն ընթացքին ՀՅԴի անդամ, «Հայաստան» դաշինքի պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան շեշտեց, թէ ստորագրահաւաքը կ՛արձանագրէ այն իրողութեան, որ Հայաստանի մէջ, դժբախտաբար, արդէն քաղաքական բանտարկեալներ ունինք:
«Աւելին, արդէն իսկ Սահմանադրութեամբ երաշխաւորուած անձեռնմխելիութեան պայմաններում, փաստօրէն, ունենք մի իշխանութիւն, որը բռնի կերպով անազատութեան մէջ է պահել մեր գործընկերներին, մարդկանց, որոնք հայրենապաշտպանութեան դիրքերում են գտնւում: Ստորագրահաւաքի տրամաբանութիւնը նաեւ նա է, որ իրաւասու մարմինները պարտաւոր են սա ընդունելու որպէս հանրագրի մի ձեւ, միջոց եւ պատշաճ ընթացք հաղորդելու: Երրորդ առաքելութիւնը այս ստորագրահաւաքի այն է, որ մարդիկ հնարաւորութիւն ունենան ծանօթանալու եւ իրենց վերաբերմունքը արտայայտելու այս երեւոյթի նկատմամբ», յայտնեց ան:
Արծուիկ Մինասեան յայտնեց, որ այսպիսով փորձ կը կատարուի կոտրելու Սիւնիքի մէջքը: «Այն բռնաճնշումները, որ առաջին օրուանից սկսած կիրառւում են Սիւնիքի նկատմամբ, հէնց նպատակն էր թուլացնել, ջարդել հայ ժողովրդի կարեւորագոյն մի հատուածի` հարաւային Հայաստանի ողնաշարը, որպէսզի իրենց ազգակործան ծրագիրները կարողանան աւելի արագ իրագործել: Դա իրենց մօտ չի ստացուելու: Սիւնիքի համայնքապետերը հայ ժողովրդի դիմադրութեան հաւաքական կերպարն են ներկայացնում: Իշխանութիւնների ազգակործան քաղաքականութիւնը դադարեցուելու է», ըսաւ Մինասեան: