
ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- Թրքական վճռաբեկ ատեանը վերջապէս վաւերացուց 24 Ապրիլ 2011ին սպաննուած հայ բանայային Սեւակ Պալըքճըի սպանութեան համար Պաթմանի առաջին եղեռնադատ ատեանի վճիռը: Դատարանը իր քննարկումներուն հետեւանքով վճռած էր ոճրագործ Քըվանչ Աղաօղլուն 16 տարի եւ 8 ամիս բանտարկութեան դատապարտել: Դատարանը այս վճիռը տուաւ՝ համոզուելով, որ ոճիրը գործուած է ոչ թէ սխալմամբ, այլ՝ գիտակցաբար:
Յիշեցնենք, որ 2013ին, զինուրական դատարանին մէջ տեղի ունեցող դատավարութեան աւարտին, ոճրագործը դատապարտուած էր 4 տարի 5 ամիս բանտարկութեան: Զոհուած զինուորին ընտանիքի իրաւապաշտպան Ճեմ Հալաւուրթ առարկած էր այս վճիռին դէմ եւ դատավարութիւնը վերսկսած էր այս անգամ քաղաքացիական դատարանին մէջ, Փետրուար 2018ին: Դատավարութեան ընթացքին լսուեցան նաեւ ականատեսներու վկայութիւններ: Բանակային Հալիլ Էքշի նախ ըսած էր, թէ Աղաօղլու դիտումնաւոր կերպով սպաննած է Սեւակ Պալըքճըն: Ան աւելի ուշ, իր վկայութիւնը փոխած եւ այս անգամ պնդած էր, որ սպանութիւնը սխալմամբ գործուած է: Պալըքճը ընտանիքին առարկութիւններոն հիման վրայ, ՀալիլԷքշի երրորդ անգամ ներկայացաւ դատարան եւ խոստովանեցաւ, որ ճնշումներու տակ փոխած էր իր առաջին վկայութիւնը: Ան եւս դատուեցաւ սուտ վկայութիւն տալու մեղադրանքով, որուն պատճառաւ ստացաւ երկու տարի մէկ ամիս բանտարկութեան պատիժ:
Փաստաբան Ճեմ Հալաւուրթ յայտնեց, թէ վճռաբեկ ատեանի հաստատումը տեղին եղած է եւ հակառակ ուշ ըլլալուն՝ արդարութիւնը ապահոված է: