ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըս գաւառի հանրային ապահովութեան բաժանմունքը կը հաղորդէ, թէ 21 Յուլիսին արձանագրուեցան 2551 նոր վարակումներ, ինչ որ մօտաւորապէս 20 անգամով աւելի է 21 Յունիսին արձանագրուած թիւէն (124)։
21 Յուլիսին նաեւ արձանագրուեցան 7 մահեր, իսկ նոր վարակուածներուն 83 տոլոսը 50 տարիքը չբոլորածներն են։ Հիւանդանոցներու մէջ կը դարմանուին 585 վարակուածներ։
Գաւառին, ինչպէս նաեւ նահանգային եւ դաշնակցային իշխանութիւնները կը շարունակեն կոչեր կատարել պատուաստուելու եւ հետեւելու դիմակներ կրելու եւ հեռաւորութիւն պահպանելու խրատներուն, վարակումներուն աճը զսպելու նպատակով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.