ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Ալեքսանդր Խատիսեան միայն ռուսական յեղափոխութենէն յետոյ, 1917ին, կը մտնէ Դաշնակցութեան շարքերը, բայց անկէ առաջ ալ գաղափարներով ու համակրանքով ալ դաշնակցութեան հետ էր: Դեռ 1905ին ան կը փափաքէր անդամագրուիլ Դաշնակցութեան շարքերը, բայց Ռոստոմի, Համօ Օհաջանեանի եւ ուրիշ ընկերներու խորհուրդով կը մնայ դուրսը, որպէսզի իբրեւ անկուսակցական համազգային դէմք, ան յաւելեալ ծառայութիւն մատուցանէ հայ ժողովուրդին եւ Դաշնակցութեան: Եւ իր կեանքով ու գործով ան արդարացուց այդ կարծիքը:
Ան եղած է Թիֆլիսի Խատիսեան համբաւաւոր ընտանիքի զաւակ: Անոր հայրը եղած է պետական բարձր պաշտօնեայ՝ յարգուած հեղինակաւոր հայ եւ օտար շրջանակներու մէջ: Մայրը կրթուած, հասարակական ջիղի տէր հայուհի էր: Ան կը սիրեր հայ մշակոյթը եւ Մարիսեան ծածկանունով վէպեր ունի հրատարակած: Մեծ եղբայրը՝ Կոստադինը, եղած է Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն։ Այսպիսի ընտանիքի մը մէջ ծնած է Ալեքսանդրը 1874ի Փետրուար 17ին: Իր մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը կ՛անցնի կիրթ, հայրենասիրական միջավայրի մէջ: Աւարտելով Թիֆլիսի պետական վարժարանը, ան բժշկական կրթութիւնը կը ստանայ Մոսկուայի (3 տարի) եւ Խարքովի (2 տարի) համալսարաններուն մէջ, ապա մասնագիտութիւնը կը զարգացնէ Գերմանիոյ մէջ ու կը վերադառնայ Թիֆլիս, նուիրուելով բժշկութեան:
Բժշկական ասպարէզը սակայն նեղ էր Խատիսեանի կարողութեան ու խառնուածքի տէր անհատի մը համար: Ան բնածին հասարակական գործիչ էր՝ բարձր թռիչքներով եւ բազմութիւնները վարելու ձգտումներով: Պերճախօս, հռետոր, բազմազան հետաքրքրութիւններ եւ ծրագիրներ հետապնդող, արտասովոր կերպով աշխատունակ, ցոյց ու ժողովրդականութիւն սիրող, ազատախոհ եւ լաւ իմաստով պատեհապաշտ, կենդանի գործը վերացական տեսութիւններէն գերադասող, հասարակական բոլոր խաւերու լեզուն հասկցող, հանրութեան ծառայելու պատրաստակամ, դիւրահաղորդ եւ ամէնքին մատչել ազնիւ նկարագրի տէր՝ Խատիսեան ստեղծուած էր հասարակական-քաղաքական գործունէութեան համար: Եւ զարմանալի չէ, որ ան շուտով լքեց այնպէս փայլուն կերպով սկսուած բժշկական ասպարէզը եւ ամբողջապէս նուիրուեցաւ հասարակական գործունէութեան:
1902ին Խատիսեան կ՛ընտրուի Թիֆլիսի քաղաքական խորհուրդի անդամ: 1906ին ան արդէն Թիֆլիսի քաղաքապետի օգնական էր: 1909էն մինչեւ 1917ը՝ եղած է Թիֆլիսի քաղաքապետ, իսկ 1914-1917ին՝ կովկասեան 44 քաղաքներու միութեան նախագահ: Ազդեցիկ եւ յարգուած դէմք մըն էր նաեւ պետական շրջանակներու մէջ, մանաւանդ փոխարքայ Վորոնցով Տաշքովի օրով: Քաղաքային գործերու զուգընթաց՝ ան գործնական կերպով կը մասնակցէր համակովկասեան կեանքի զանազան ոլորտներու աշխատանքին: Սիրուած ժողովրդական դասախօս էր, յօդուածներ կը գրեր թերթերու մէջ, հրատարակեց զանազան գրքոյկներ՝ հանրային առողջապահութեան, տեղական ինքնավարութեան, տնտեսական ու մշակութային հարցերու մասին, նաեւ թարգմանութիւններ կ՛ընէր հայ գրականութիւններէն:

Որքան համակովկասեան ու համառուսական, նոյնքան եւ հայ կեանքի մէջ Խատիսեան լայն ու գործօն դեր կը կատարեր: Հայ-թաթարական կռիւներու շրջանին, օրինակ, ամէն միջոցով օգնեց Դաշնակցութեան՝ ինքնապաշտպանութիւնը յաջողութեամբ տանելու, եւ վճռական դեր կատարեց կռիւներուն վերջ տալու գործին: Երբ ցարական կառավարութիւնը հալածանք սկսաւ Դաշնակցութեան դէմ, Խատիսեան ոգի ի բռին աշխատեցաւ թեթեւցնելու ձերբակալուածներուն վիճակը: Առհասարակ անիրաւուածներու պաշտպան էր ան կառավարութեան մօտ: Իր խորհուրդներով եւ միջամտութիւններով կ՛օգներ Էջմիածնին՝ կառավարութեան հետ ունեցած դժուարութիւններուն ժամանակ: Անդամ էր ու փոխնախագահ Ազգային Բիւրոյի եւ կամաւորական գունդերու կազմութեան նախաձեռնողներէն մէկը: Իբրեւ քաղաքներու միութեան նախագահ՝ անգնահատելի եղաւ անոր դերը պատերազմէն տուժած հայ գաղթականներու խնամատարութեան գործը:
Ցարական վարչաձեւի խորտակումէն յետոյ, Խատիսեանի հասարակական կեանքը տարբեր ընթացք ստացաւ: Թիֆլիսը անցաւ վրացիներուն ձեռքը: Անդրկովկասը փաստօրէն անջատուեցաւ Ռուսաստանէն, եւ Խատիսեան ամբողջ էութեամբ նետուեցաւ հայ ազգային գործունէութեան մէջ: Այլեւս իրագործելի էր անոր վաղեմի փափաքը՝ մտնել Դաշնակցութեան շարքերը: 1917-1918ին ան Ալեքսանտրապոլի քաղաքապետն էր: 1917ի աշնանը կը մասնակցի ազգային համագումարին: Անդրկովկասի անջատումէն յետոյ՝ Սէյմի անդամ է եւ ելեւմտական նախարար՝ Դաշնակցութեան կազմէն: 1918ի Փետրուարին՝ Տրապիզոնի եւ Մայիսին՝ Պաթումի հաշտարար պատուիրակութիւններու անդամ էր: Հայաստանի անկախութենէն յետոյ՝ Քաջազնունիի հետ ստորագրեց հաշտութեան դաշնագիրը թուրքերուն հետ: Ապա Ահարոնեանի հետ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէն կը մեկնի Պոլիս՝ նոր դաշինք կնքելու համար:
Ընդհանուր զինադադարէն յետոյ, Խատիսեսեան կը վերադառնայ Հայաստան եւ կը ստանձնէ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը: 1919ի Փետրուարէն մինչեւ 1920ի Մայիս՝ կը վարէ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետութիւնը: 1920ի ամառը կառավարութեան կողմէ կ՛ուղարկուի արտասահման, փոխառութեան ու ոսկիի ֆոնտի կազմակերպութեան համար: Կ՛այցելէ Պոլիս, Եգիպտոս , Ֆրանսա, Անգլիա , Պելճիքա, Յունաստան, Ռումանիա, Պուլկարիա եւ Եուկոսլաւիա՝ ամէն տեղ հայութեան մէջ աննման խանդավառութիւն յառաջ բերելով: Վերադառնալով Երեւան՝ պատերազմի օրերուն, անոր վիճակուեցաւ Ալեքսանտրապոլի դաշնագրի ստորագրութիւնը, 1920 Դեկտեմբեր 2ին:

Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, Խատիսեան կ՛երթայ Փարիզ ու կը շարունակէ քաղաքական գործունէութիւնը, որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան անդամ, ապա փոխնախագահ եւ վերջը՝ նախագահ, ներկայացնելով ու պաշտպանելով հայկական շահերը պետութիւններու ու ազգերու դաշնակցութեան առջեւ: Տարագրութեան տարիներուն ան աշխատակցեցաւ հայ մամուլին եւ լոյս ընծայեց «Հայաստանի Հանրապետութեան Ծագումն Ու Զարգացումը» արժէքաւոր հատորին:
Անհնար է յօդուածի մը մէջ ամփոփել Խատիսեան բազմաճիւղ եւ բեղուն գործունէութիւնը: Ան մինչեւ մահ մնաց իր կոչման բարձրութեան վրայ ու անշահախնդիր նուիրումով ծառայեց հայ ազգին: Ծանր ու տառապալի ապրումներ ունեցաւ վերջին պատերազմի տարիներուն, երբ ստիպուած էր պաշտպանել վտանգի ենթարկուած եւրոպահայութիւնը: Եւ հատուցումը եղաւ դաժան, այն մարդիկ, որոնց կեանք ան փրկած էր բռնութեան ճիրաններէն, անմարդօրէն բանտարկութեան եւ չարչարանքի մատնեցին զինք: Արդարութիւնը շուտով յաղթանակեց, բայց բանտային տառապանքները վերջնականապէս խորտակեցին անոր արդէն իսկ տկարացած առողջութիւնը:
Խատիսեան կը մահանայ Փարիզի մէջ, Մարտ 10ին, 1945ին, անջնջելի յիշատակ թողնելով Հայաստան Հանրապետութեան պատմութեան մէջ: