ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերու արտաքին գործոց նախարարի օգնականի պաշտօնին թեկնածու Քերըն Տանֆրիտի հարցաքննութեան ընթացքին, Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի ատենապետ Ռապըրթ Մենենտեզ դարձեալ իր մտահոգութիւնը յայտնեց նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին կողմէ Ազատութեան աջակցութեան որոշումի 907րդ յաւելուածէն հրաժարուելու որոշումին առնչութեամբ:
«Ատրպէյճան սահմանային վէճի պատրուակով այժմ ներխուժած է Հայաստանի տարածքը եւ կը կարծեմ, որ անոնք պիտի շարունակեն իրենց յարձակողական վարքագիծը, մինչեւ այն ատեն, որ յստակ պատգամ չեն ստացար, որ իրենց քայլերը անընդունելի են», ըսաւ Մենենտզ՝ շեշտելով Պաքուի տրամադրուող ռազմական օգնութիւնը անմիջապէս կասեցնելու կարեւորութիւնը։
Իբրեւ պատասխան՝ Տանֆրիտ յայտարարեց, որ եթէ այդ տեղեկութիւնը հաստատուի, ինք այդ հարցով սերտօրէն պիտի համագործակցի Մենենտեզի եւ Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին հետ: «Խիստ անհրաժեշտ է վստահ ըլլալ, որ որեւէ աջակցութիւն, զոր մենք կը տրամադրենք Ատրպէյճանին, որեւէ ձեւով չի վտանգեր ուժերու հաւասարակշռութիւնը, եւ որ մենք յանձնառու ենք Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կարգաւորման», մշեց ան:
Ազատութեան աջակցութեան որոշումի 907րդ յաւելուածը կը պահանջէ Ուաշինկթընէն՝ աջակցութիւն չտրամադրել Պաքուին, մինչեւ որ անիկա քայլեր չի ձեռնարկէ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ շրջափակումներն եւ ուժի կիրառումները կասեցնելու ուղղութեամբ:
Մենենտեզ նաեւ Թուրքիոյ նուիրուած հարցաքննութեան մը ընթացքին, արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Վիքթորիա Նուլընտին յիշեցուց Հայաստանի եւ Արցախի վրայ յարձակումին ընթացքին իսլամ ծայրայեղական վարձկան զինեալներու մասնակցութիւնը, Անգարայի աջակցութեամբ եւ դարձեալ պահանջեց, որ հետաքննուին այդ պատերազմին ընթացքին գործածուած թրքական անօդաչու թռչող սարքերուն մէջ ամերիկան արհեստագիտութեան օգտագործման օրինականութիւնը։
Ատրպէյճանի տրամադրուող աջակցութիւնը կասեցնելու նպատակով ձեր քոնկրեսականին դիմելու համար այցելել Հայ Դատի anca.org/stop կայքէջը։