
Սիրուն Պուլղուրճեանի մահուան տխուր առիթով, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հովիւը, Հոգաբարձութիւնը, Երեսփոխանական կազմը, Դպրաց դասը, Տիկնանց օժանդակ մարմինը, կիրակնօրեայ վարժարանի ուսուցչական կազմը եւ Ծնողա-օժանդակ մարմինը իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնը կը յայտնեն հանգուցեալի զաւակին` հոգաբարձու Վահան Պուլղուրճեանին եւ անոր ընտանեկան պարագաներուն: