Վեհանոյշ Թեքեան

Ռիմա անշուշտ կեանքին մէջ չէր կրնար մոռնալ այն քանի մը օրերը զորս անցուցած էին գետնայարկը, շէնքին բոլոր բնակիչները ռումբերու եւ փամփուշտներու տեղատարափին տակ դալկահար եւ տկարացած էին։ Օր մըն ալ առտուան դէմ Կարոն իր համազգեստով իջած էր ներքնայարկ եւ բոլորին մէջ փնտռած էր զինք։ Ռիմա մանրամասնօրէն կը յիշէր Կարոյին տաբատին եւ ժագէթին ծալքերը, մոյկերը, Կարոյին անձնուրաց նայուածքը, տենդը՝ երբ իրեն հարցուցած էր, թէ իրապէս շատ վախցա՞ծ էր գիշերը։ «Ալ անկէ ետք չվախցայ, -կ՛ըսէր Ռիմա իր ընկերուհիներուն, – զէ՛նք ունի Կարոն, երբոր պէտք է կու գայ մեր տունը, իսկ գիշերները ընկերներով ամբողջ թաղը կը պաշտպանեն»։
«Ես իմ ասլան տղա՜ս կ՛ուզեմ», օրը քանի մը անգամ կը լսէր Գէորգին մօր ձայնը քովի պատուհանէն։ Ռիմային համար առօրեան տրտունջ չունէր։ Ճիշդ է, որ դպրոցները հազիւ վերաբացուած լիբանանեան տագնապը դարձեալ դանակի պէս կտրած էր քաղաքացիներու բնականոն առօրեան, սակայն Ռիմայի տարիքը ուրի՜շ բան էր – ամէն ինչ կը թրթռար իր սրտին մէջ, երգը, գարունը, նորածիլ բոյսերը, հալող ձիւնը, իրենց փողոցին լոյսերը, որոնց տակ ինք եւ Կարոն քալած էին։
Իր երեւակայութիւնը կը յառաջանար քանի մը տարի, յետոյ ետ կը դառնար, կը վախնար Կարոյին եւ իր ընկերներուն համար։ Այդ ընկերներէն մէկ քանին արդէն յիշատակ դարձեր էին։ «Նահատակուեցան Լիբանանի համար», գրեր էին թերթերը, եւ աղէտին ծանրութեան չափ զուսպ քանի մը տող նուիրած. «Ես իմ ասլան տղաս կ՛ուզեմ, վա՜յ, ճիկերս կ՛ուզեմ», կը լսուէր Գէորգին մօր ձայնը։
Անկէ ետք Ռիմա սկսած էր բուրդէ գլխարկներ հիւսել ակումբի տղոց համար։ Ձմեռը ցուրտ էր, քարիւղ չկար, ոչ ալ մազութ։ Բուքը չէ, որ կ՛ոռնար, այլ՝ թնդանօթը։ Անձրեւը չէ, որ կը հարուածէր դուռներն ու պատուհանները, այլ՝ մտահոգութիւնը, սարսափը՝ իւրաքանչիւր վայրկեան պատահելիք բանի մը։ Արշալոյսները մարդոց ժպիտներով կը ծաղկին, չկային ժպիտները եւ արշալոյսներ թառամեցան։ Ու գարունը եկաւ, լերկ ու լեղապատառ կնոջ պէս գալարուեցաւ մարդկային նայուածքներու առջեւ. պուտ մը ջերմութիւն հայցեց, իսկ տղաք անվախ ու դաժան դիմագիծերով անցան իրենց պատնէշներուն ետին։
Իրար դէմ սուրացող հարուածները ճեղքեցին գարնան հոսանքը եւ մարդիկ, կիներ, մինչեւ իսկ պատանիներ վայրկեանի մը մէջ քարացան, եւ արիւնը քարացաւ. ու կեանքը ռմբակոծուած ապաստանարանի մը մէջ վիրաւորի իր կսկիծը դարձեալ կապեց։ Գարունը գալարուեցաւ սեւազգեստ կիներու լռութեան մէջ։ Միայն թերթերն ու պատկերասփիւռը խօսեցան – ֆրանսացին եկաւ, ամերիկացին եկաւ՝ նորէն եկան, նորէն գացին. հարկաւ ամէնքը մտահոգ էին, խորապէս կը ցաւէին «լիբանանեան այս եղբայրասպան պատերազմին համար»։
Ամէն կողմ դաւ կար. ամէն քաղաքագէտի մէջ դաւաճան մը տեսնուեցաւ, բայց համաձայնութիւն մը անհրաժեշտ էր. երեսուն չորրորդ զինադուլը յայտարարուեցաւ. իսկ հինգ վայրկեան ետք Ռիմա, տասնվեց տարեկան մանկամարդուհին փոխադրուեցաւ հիւանդանոց։ Նապաայի վրայ ինկած առաջին ռումբը իր կենսախայտ մարմինը խոցեց։ Երկու օրէ ի վեր հիւանդանոց է Ռիման, ուղեղի եւ ստամոքսի երակները վնասուած են, արիւնահոսութիւնը դադար չունի։ Ակումբի տղաքն ու աղջիկները փութացած են հիւանդանոց. ժամէ ժամ արիւն կը հասցնեն։ Ոմանք կը վախնան իր անկողինին մօտենալու, որովհետեւ սուր ցաւերով կը գալարուի, կը պոռչտայ, անգիտակից բառերու մէջ կորսուած կը մրմռայ. Բայց նրբանցքներուն մէջ կը զօրանայ այն համոզումը թէ պիտի ապրի Ռիման – պիտի տուն վերադառնայ, փողոցին լոյսերը տեսնէ, Կարոյին ընկերներուն գլխարկներ պիտի հիւսէ, ակումբին մէջ սուրճ պիտի խմէ։
Եւ ամէնքը արիւն կու տան, հերթով, սրբազան պարտականութիւն մը կատարելու գոհունակութեամբ։ Ու հիւանդանոցին ջարդուած ապակիներէն կը թափանցեն ու կը բազմանան Ռիմաները, Կարոները, Գէորգները, անոնք որ իրենց արեան կանաչութիւնը տուին, անոնք իրենց երազներու մեղեդին լռեցուցին հայրենիքի պահպանման համար, ժողովուրդներու գոյակցութեան խորհուրդին մէջ թափանցելով։
Քառորդ ժամ միայն կրնայ քնանալ Ռիմա. անկէ ետք մղձաւանջ է. կը պոռչտայ։ Թեւերը դրած են տախտակներու ներքեւ, որ չշարժէ։ Սերոմը կախուած է սնարին վրայ ու անդադար կը հոսի կը ներարկուի իր երակներուն մէջ։ Ինք չ՛անդրադառնար, բայց բժիշկներն ու ընկերները գիտեն որ պիտի մեռնի Ռիման։ Ռիման պիտի զոհուի այն հրէշին, որ այդ ռումբը լարեց։ Սերոմը կը թափանցէր, կը փոխանցէր, եւ ամէնքը իրենց խոնաւ աչքերը յառած էին այդ ներուժ ու փրկութիւն խոստացող հեղուկին։
Սիրոյ եւ գաղափարի սերոմին։
***
Պէյրութի նաւահանգիստը, քանիերորդ անգամ ըլլալով, բոցերու քմահաճոյքին յանձնուած էր։ Մայրաքաղաքի եւ արուարձաններու բարձր յարկերէն ու տանիքներէն կարելի էր դիտել այն կարմիր մշուշը, որ ինքնամոռ սատիզմով մը կը բզկտէր արդէն նուաղկոտ երկնակամարը։ Գիշեր։ Բնակիչներ պատշգամներու անկիւնները թաքնուած կը դիտէին կարմրաւուն բոցերու պատճէնը։ Ուրիշներ կ՛ուսումնասիրէին ու մատնացոյց կ՛ընէին ճիշդ այն կէտը, ուր հրդեհը հասած կրնար ըլլալ։ Առեւտրականներէն անոնք, որոնք տակաւին այս երկրին մէջ էին, մտահոգ էին։ Կրակը ուտեստեղէններու շտեմարանին հասած է, կը կրկնէր ռատիոյի խօսնակը, հրշէջներու մեքենային վրայ կրակ մի՛ բանաք։ Կիպրոսէն նոր ուժ կ՛ակնկալուի զայն մարելու. նոր ուժ պիտի հասնի, կրակ մի՛ բանաք…
Տղամարդիկ բաժնուած էին տարեկից խումբերու, հեռադիտակները ձեռքէ ձեռք կը խլէին եւ անպայման «Հոլիտէյ Ին»ը ծուխերու մէջ կը գտնէին։ Դիմացի շէնքէն կին մը ձեռքերը փորին կը հանգչեցնէր ու ներս կը վազէր։ Ամէն մարդ մտահոգ էր անմիջական վաղուանով։ Այս կինը այս քաղաքին մէջ զաւակ պիտի ծնանէր։ Ո՜վ գիտէ որքան կաթի տուփեր պայթեցան, ի՜նչ սննդանիւթեր փճացան։ Կը տեսնէ՞ք վաղուան երեխաները տխեղծ, մութ փոսացած նայուածքով։ Այս բոլորը որովհետեւ… Որովհետեւ այս երկիրը փրփրած լաւայի պէս կ՛եռար – տարիներու ընթացքին գողութիւնն ու խարդախութիւնը բարձրացուցած էր ընչաքաղցութեան լեռը – եւ ահա լաւան կը լափլիզէր երկիրը։
Կ՛եռար որովհետեւ քաղաքագէտ մը չունեցաւ, որ իր անձէն դուրս գար ու հակակշռէր ղեկը։ Որովհետեւ քայքայման աստիճանաւորումներն ու հանգրուանները բարձրաձայն ազդարարող մը չգտնուեցաւ։ Որովհետեւ միակողմանի ուժ մը առաւ իր ուսերուն ոսկեգոյն պատմուճանը եւ արհամարհանքով դիտեց այն մեծամասնութիւնը, որ ցնցոտիներու մէջ էր։ Որովհետեւ խիղճը փոքրացաւ, փոքրացաւ հոգին ու մեծցաւ նիւթը. եւ նիւթը խլիրդի բջիջներու պէս ուռեցաւ բոլոր ուղղութիւններով։ Դրամը ջնջեց հայրենիքի գիտակցութիւնը երկրի ղեկավարներուն մէջ. եւ ահա լաւան իր կրակէ թաթով կը խեղդէր երկիրը։
Իսկ նիւթը փքեցաւ հարիւրաւոր Ապու Ռաշիտներու կողմէ։ Դուք չէ՞ք ճանչնար Ապու Ռաշիտը։ Չէ՞ք ճանչնար ձեր շրջապատը։ Ահա Ապու Ռաշիտը այդտեղ՝ նաւահանգիստին մէջ է. կը հարցնէք՝ ի՛նչ է ձեռքին մէջ գտնուող տարօրինակ բանը։ Վիրահատութեան մը համար հիւանդանոցին մէջ էր երբ լուր հասաւ, թէ կը պարպուին նաւահանգիստին այն ապրանքները, որոնք չհրկիզուեցան։ Ապու Ռաշիտ առանց ժամանակ վատնելու, սերոմը ձեռքին բարձր բռնած՝ հասաւ նաւահանգիստ։ Ոչ ոք կրնայ իր ապրանքը դուրս հանել առանց գոհացում տալու Ապու Ռաշիտին, որ փրփրած դէմքով կը պոռայ, կը սակարկէ, կը պահանջէ։ Վտանգած է իր կեանքը, բայց ձեռքերուն մէջ ամուր բռնած է Ընչաքաղցութեան, Չարաշահութեան սերոմը։
Կ՛ըսեն, թէ հրահանգները աւարտելէ ետք երբ վերադարձաւ հիւանդանոց, անմիջապէս սերոմը նորոգել տուաւ, նարկիլէ մը ապսպրեց, յետոյ պահանջեց հեռախօս մը եւ թիկնապահներուն հրամայեց, որ իր դռները փակեն։
Կ՛ըսեն, թէ Ապու Ռաշիտ դեռ կը հեռաձայնէ…
«Ճեղքուած Մանրանկար» հատորէն