ՊԵՐԼԻՆ, «Պի.Պի.Սի.».- Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել աննկարագրելի որակեց այն պատկերը, որ ան տեսաւ անցեալ շաբթուան ողողումէն վնասուած շրջաններուն մէջ:
«Ասիկա սարսափելի է: Ես կ՛ուզեմ ըսել, որ գերմաներէնը հազիւ թէ աւերները նկարագրող բառեր ունենայ», արեւմտեան Ատենաու քաղաքը այցելելու ընթացքին ըսաւ Մերքել, վստահեցնելով տեղացիներուն, որ դաշնակցային եւ տեղական իշխանութիւնները միասնաբար պիտի նպաստեն վնասուած շրջաններուն։
Գերմանիոյ վարչապետը նշեց, որ երկրի արեւմուտքին մէջ տեղի ունեցած աղէտը ցոյց տուած է կլիմայի փոփոխութեան հարցերուն աւելի մեծ ուշադրութիւն դարձնելու անհրաժեշտութիւնը:
Ներկայիս մօտաւորապէս 170 անհետացած քաղաքացիներու որոնումները կը շարունակուին, իսկ ջրհեղեղին զոհերուն թիւը անցած է 160ի սահմանը։