ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Եւրոպական խորհրդարանը 8 Յուլիսի իր լիագումար նիստին ընթացքին հաստատեց Թուրքիոյ մէջ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու եւ յատկապէս քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան վրայ կիրառուող ճնշումները քննադատող բանաձեւը:
2ի դէմ, 603 կողմ եւ 67 ձեռնպահ ձայներով ընդունուած բանաձեւին մէջ «մտահոգիչ» կ՛որակուի կառավարութեան ընդդիմադիր քաղաքական կուսակցութիւններու նկատմամբ շարունակուող եւ աճող ճնշումները, որոնք լրջօրէն կը սահմանափակեն քաղաքական կուսակցութիւններու իրաւունքները եւ ժողովրդավարութեան ամրապնդման մէջ անոնց ունեցած դերակատարութիւնը: Բանաձեւին մէջ նաեւ կը շեշտուի, որ այս ճնշումները անմիջականօրէն կապ ունին երկրին մէջ շարունակուող մարդկային իրաւունքներու ոտնահարումներուն եւ իրաւական պետութեան ոչնչացման հետ:
Բանաձեւին մէջ յատուկ անդրադարձ կայ այն իրողութեան, որ քրտամէտ կուսակցութեան շուրջ 4000 անդամներ արդէն իսկ բանտարկուած են եւ կուսակցութիւնը կը գտնուի փակուելու հաւանականութեան դիմաց, «ինչ որ լուրջ քաղաքական սխալ պիտի ըլլայ»։