ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՄԷՋ ԵՒՍ ՎԱՐԱԿՈՒՄՆԵՐԸ ԿԸ ՍԿՍԻՆ ԱՃԻԼ
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու Հիւանդութիւններու զսպումի եւ կանխարգիլման կեդրոնները հաղորդեցին, թէ ներկայիս համաճարակի բոլոր զոհերը չպատուաստուած քաղաքացիներն են, մինչ պատուաստուածներուն միայն 1 տոկոսը COVID-19 ժահրէն այնքան կը հիւանդանայ, որ հիւանդանոցային խնամքի կը կարօտի։
Պարագան նոյնն է Քալիֆորնիոյ մէջ, ուր սակայն տնտեսութիւնը ամբողջութեամբ վերաբանալու որոշումին հետեւանքով վարակումներուն թիւը սկսած է աճիլ, ինչպէս կ՛ակնկալուէր, յատկապէս աւելի փոխանցիկ նկատուող ժահրին «Տելթա» տարբերակին պատճառով։
Արդարեւ, մէկ շաբթուան ընթացքին «Տելթա» տարբերակով վարակուողներուն մէկ օրուան թիւը 71 տոկոսով աճած է, Հինգշաբթի օր հասնելով 1085ի։
Լոս Անճելըս գաւառին մէջ, վարակումներուն թիւը մէկ շաբթուան ընթացքին 165 տոկոսով աճած է, Հինգշաբթի օր հասնելով 893ի, իսկ ժահրը յայտնաբերուած է քննուողներուն 2.5 տոկոսին մէջ, մինչ անցեալ շաբաթ այդ համեմատութիւնը 1.2 տոկոս էր։
Նշենք, որ աշխարհի տարածքին զոհերուն պաշտօնակաան թիւը անցաւ 4 միլիոնի սահմանը: Թոքիոյի իշխանութիւնները որոշեցին 4րդ անգամն ըլլալով արտակարգ դրութիւն հաստատել, տարածումը զսպելու համար, որուն հետեւանքով Ողիմպիական խաղերը տեղի պիտի ունենան առանց հանդիսատեսներու։