ԵՐԵՒԱՆ.- 5 Յուլիսին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը հրապարակեց յայտարարութիւն մը՝ նշելով, որ 2-4 Յուլիսին, Երեւանի մէջ գումարուեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի 24րդ Գերագոյն ժողովը, որ քննարկեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի 2019-2021 թուականներու գործունէութիւնը եւ կատարեց գնահատումներ:
Ժողովին ընթացքին մանրամասն կերպով քննարկուեցան երկրին մէջ ստեղծուած քաղաքական, ընկերային-տնտեսական, բարոյահոգեբանական վիճակը եւ ապահովութեան հարցերը: Հաստատուեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպութեան յառաջիկայ երկու տարիներու գործունէութեան սկզբունքները, առաջնահերթութիւնները եւ կատարուելիքները: Քննարկումներուն լոյսին տակ տրուեցան որոշումներ:
Գերագոյն ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը` հետեւեալ կազմով. Իշխան Սաղաթէլեան, Սիմոն Սիմոնեան, Լիլիթ Գալստեան, Արծուիկ Մինասեան, Միքայէլ Մանուկեան, Տարօն Տօնոյեան, Աշոտ Սիմոնեան, Յակոբ Մաթիլեան, Իկոր Սարգսեան, Արգիշտի Գէորգեան, Սուրէն Մանուկեան, Բագրատ Եսայեան եւ Պետրոս Մեղրեան: ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ վերընտրուեցաւ Իշխան Սաղաթէլեան:
6 Յուլիսին ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչները հանդէս եկան մամլոյ ասուլիսով, որուն ընթացքին ԳՄի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան ներկայացուց ՀՅԴ Հայաստանի 24րդ Գերագոյն ժողովին ընդունած յայտարարութիւնը:
Ան ըսաւ, որ նոյնիսկ ընտրութիւններէն ետք կը շարունակուին համատարած բռնաճնշումները բոլոր այն անձերուն հանդէպ, որոնք չենք քուէարկած այսօրուան իշխանութեան օգտին։

«Մեծ ծաւալով շարունակւում են ապօրինի ճնշումներն ընտրուած համայնքների ղեկավարների նկատմամբ․ դրանով փորձ է արւում քանդել նաեւ ՏԻՄ ինստիտուտը եւ դա դարձնել նշանակովի, կան արդէն բազմաթիւ ակնյայտ ճնշումներ բոլոր այն համայնքների ղեկավարների նկատմամբ, ովքեր մաս են կազմել «Հայաստան» դաշինքին կամ ունեցել են այլ դիրքորոշում, որը տարբերուել է գործող իշխանութեան դիրքորոշումից», նշեց ան՝ աւելցնելով, որ ակնյայտ ճնշումները կը շարունակուին նաեւ հանրային ծառայողներուն նկատմամբ:
Սաղաթէլեան դիտել տուաւ, որ իրենք կը հաւաքեն բոլոր տուեալները, զորս պիտի ներկայացնեն նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու, նաեւ պիտի ձեռնարկեն անհրաժեշտ բոլոր քայլերուն՝ իրենց համակիրներուն եւ աջակիցներու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը կազմակերպելու համար:
Ըստ անոր՝ զանազան քրէական գործերով, ճնշումներով վախցնելով` փորձ կը կատարուի հասնիլ գործող համայնքապետերու հրաժարականին: «Ժողովրդավարութիւնից յաճախ խօսող, ժողովրդի թիկունքում թաքնուած իշխանութիւնը կապ չունի ժողովորդի հետ, այս մարդիկ փորձում են հասնել մէկ անձի բռնապետութեան, որը թոյլ չենք տալու», յայտնեց Սաղաթէլեան՝ աւելցնելով. «Երկրում ճգնաժամը յաղթահարուած չէ, եւ այս իշխանութեան իւրաքանչիւր օրը կործանարար է երկրի համար, հետեւաբար մենք մեր պայքարը շարունակելու ենք ամբողջ թափով»:
Ան շեշտեց, որ խորհրդարանական այս ընդդիմութիւնը պիտի տարբերի մինչեւս օրս եղած բոլոր ընդդիմութիւններէն, փողոցը իրենց համար նոյնպէս պիտի մնայ կարեւոր, բոլորը պիտի տեսնեն աննահանջ եւ վճռական պայքար:
«Մենք խորհրդարանում օր ու արեւ չենք տալու այս իշխանութիւններին: Ի դէմս «Հայաստան» դաշինքի ունենալու էք թիմ, որը պայքարելու է իշխանութիւնների դէմ խորհրդարանական ընդդիմութեան գործիքակազմի ողջ ծաւալը օգտագործելով», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:
Խորհրդարանին մէջ աթոռներու բաշխումը, ըստ ԳՄի ներկայացուցիչին, պիտի կատարուի Սահմանադրական դատարանի որոշումէն ետք։
«Բացառւում է, որ միայն ՀՅԴն մտնի խորհրդարան, որոշումը կը կայացնի «Հայաստան» դաշինքը եւ որոշումը կը լինի ամբողջական: Երբեք չի կարող գործընկերներից մէկը առանձին դիրքորոշում ունենալ, որոշումը ընդունուելու է համատեղ եւ վերջնական որոշումը կ՛ընդունենք ՍԴ որոշումից յետոյ: Դրանից յետոյ մենք կը կայացնենք մեր վերջնական որոշումը: Այդ որոշումը բխելու է մեր պայքարի յաջողութեան տրամաբանութիւնից: Եթէ մենք գալիս ենք եզրակացութեան, որ այդ մանդատները վերցնելով` մեր պայքարին նոր ուժ ենք տալու, օգտուելու ենք նաեւ խորհրդարանական պայքարի գործիքներից, որոնք լրացուցիչ լծակ եւ հնարաւորութիւն են մեր պայքարին ուժ տալու, ընդլայնելու եւ այս չարիքի կառավարութեան դէմ աւելի լայնամասշտաբ պայքարելու, ուրեմն կը գնանք այդ տարբերակով, կը վերցնենք մանդատները ու մեր պայքարը կը շարունակենք: Որոշում ընդունելու հիմքում դրուած է լինելու մեր պայքարի յաջողութեան տրամաբանութիւնը», շեշտեց Սաղաթէլեան:
Ան նշեց, թէ իրենք չեն կիսեր միջազգային կազմակերպութիւններու գնահատականը, որ ընտրութիւնները տեղի ունեցած են առանց զգալի խախտումներու. անոնք պարտաւոր էին գնահատական տալ Փաշինեանի մուրճով քարոզարշաւին, ոչ թէ ըսէին, որ ատելութեան խօսքը երկկողմանի էր: «Մեր գանահտմամբ այս ընտրութիւնների արդիւնքները խիստ կասկածելի են եւ ոչ հաւաստի, դրա համար դիմել ենք ՍԴ», ըսաւ Ի. Սաղաթէլեան։
Ըստ օրէնքի` ընդդիմութիւնը պէտք է ունենայ Ազգային ժողովի փոխնախագահ. լրագրող մը այս գծով հարցուց, թէ արդեօք ընդունելի՞ է որ Սաղաթէլեան ըլլայ Ազգային ժողովի փոխնախագահ «ազգադաւ իշխանութեան» պարագային:
«Դա օրէնքի պահանջ է, այդ հնարաւորութիւնները եւս պէտք է օգտագործի ընդդիմութիւնը իր պահանջներն առաջ տանելու համար, այդ թւում եւ 3 յանձնաժողովների նախագահներ ունենալը, որոնք, ըստ օրէնքի, բաժին են ընկնելու ընդդիմութեանը: Դա մենք չենք դիտարկելու ինչ-որ մէկին պաշտօնի բերելու փորձ, այլ եւս մէկ հնարաւորութիւն մեր պայքարին լրացուցիչ ուժ տալու համար: Դա օրէնքով ամրագրուած պահանջ է», ընդգծեց Սաղաթէլեան՝ վստահեցնելով, որ «Հայաստան» դաշինքին համար որեւէ համագործակցութեան, քուլիսային պայմանաւորուածութեան այս իշխանութեան եւ խորհրդարանական խմբակցութեան հետ բացառուած է։
Հայաստանի ԳՄի անդամ Արծուիկ Մինասեան իր կարգին դիտել տուաւ, որ 20 Յունիսի ընտրութիւններուն տեղի ունեցած են այնպիսի տարողութեամբ խախտումեր, որոնք արգիլած են , որ արտացոլայ հասարակութեան տուած վստահութեան քուէներուն իրական պատկերը։
«Մենք այս պահին կարող ենք արձանագրել, որ իշխող ուժը այդ բոլոր խախտումները յատուկ դիտաւորութեամբ կազմակերպելու միջոցով փորձել է իշխանութեան զաւթման գործողութիւն իրականացնել: Սա ոչ միայն որակական, նաեւ քաղաքական գնահատումների հարց է եւ ներկայացուած մեծածաւալ բողոքը ներկայացուած է այս երկու ուղղութիւններով նոյնպէս», ըսաւ ան:
Արծուիկ Մինասեան նշեց, որ Սահմանադրական դատարանէն կ՛ակնկալեն, որ 15օրեայ ժամկէտին ընթացքին կարենայ իր մէջ ուժ գտնել գնահատելու ներակայացուած ապացոյցները եւ տալու ճշգրիտ որոշում: Ան անդրադարձաւ զանազան կառոյցներու մէջ աշխատողներուն ուղղուած սպառնալիքներուն՝ զանոնք նկատելով քրէական յանցագործութիւն կատարողներ, որովհետեւ անոնք չեն քուէարկած իշխող խումբի օգտին։
«Ոչ միայն սեփականութեան դէմ ուղղուած, կառավարման դէմ ուղղուած, այլ նաեւ մարդկանց իրաւահաւասարութունը խախտելուն ուղղուած` եթէ կայ փաստ, որը կարող է վկայել, որ սպառնալիքը աշխատողի նկատմամբ իրական է, ինչը տեսնում ենք Արմէն Չարչեանի մասով, սա չի կարող իրաւական պետութեան համար համարուել պատշաճ վարքագիծ: Հարիւրաւոր քրէական գործեր պէտք է յարուցէին Փաշինեանի, ԱԱԾի, Ոստիկանութեան բազմաթիւ աշխատակիցների նկատմամբ, ովքեր օգտագործելով իրենց լիազօրութիւնները` հարկադրել են մարդկանց կա՛մ աշխոյժ չլինել ընտրութիւններում, կա՛մ քուէարկել իշխող ուժի օգտին», ըսաւ Արծուիկ Մինասեան:
ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ անդամ Արգիշտի Գէորգեան՝ պատասխանելով այն հարցումին, թէ մինչեւ ե՛րբ պիտի պայքարի Դաշնակցութեան երիտասարդական կառոյցը՝ ըսաւ, որ ոեւէ դաշնակցականի նպատակը ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի կերտումն է, երբ որ հասնինք անոր, այն ատեն մեր պայքարը կը դադրի՝ աւելցնելով. «ՀՅԴ Երիտասարդական Միութիւնը անցնող տարիներին շատ հարցերում եղել է պայքարի առաջնագծում թէ՛ ընկերային հարցերում, երբ «Ահազանգ» նախագծի շրջանակում եկամտահարկի հարթեցման դէմ էինք պայքարում, թէ՛ կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտում տիրող քաոսի եւ անարդարութիւնների դէմ: Մեր պայքարի նպատակը այս ամէն ինչից խուսափելն էր, ցաւօք, մեզ չյաջողուեց դա, եկաւ հասաւ օրը ու մեզ պարտադրուեց պատերազմ եւ դաշնակցութեան երիտասարդականը նաեւ պատերազմում էր: Դրանից յետոյ, այո՛, նաեւ «Հայրենիքի փրկութեան շարժման», «Հայաստան» դաշինքի շրջանակում ենք պայքարել: Հիմա ստացուել է այնպէս, որ այս ամէնը չի բաւարարել այս չարիքի իշխանութեանը հեռացնելու համար, եւ Դաշնակցութեան երիտասարդականի պայքարը չի դադարելու», շեշտեց Արգիշտի Գէորգեան: