Ուրբաթ, 25 Յունիս 2021ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ Արեւմտեան թեմին մէջ գործող Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ա. եւ Մ. Յովսէփեան վարժարանի նախակրթարանի, ինչպէս նաեւ հինգերորդ եւ ութերորդ դասարաններու ամավերջի աւարտական հանդէսը, ներկայութեամբ` առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, եկեղեցւոյ հովիւ Սարգիս Ա. քհնյ. Պետոյեանի, թեմի հոգեւորականներու, վարժարանի տնօրէնութեան, անձնակազմին, ծնողներու, բարեկամներու եւ շրջանաւարտներու:
Հանդիսութիւնը բացուեցաւ Տէրունական աղօթքով եւ Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգին երգեցողութեամբ, որմէ ետք վարժարանի տնօրէն Շահէ Մանկերեան ողջունեց ներկաները եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր այս միջոցառումը իր ներկայութեամբ պատուելուն համար։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց աշակերտներուն, անոնց ծնողներուն, ուսուցիչներուն եւ յաջողութիւն մաղթեց փոքրիկներուն, որոնք, աւարտելով մանկապարտէզը, պիտի անցնին տարրական բաժինը: Այնուհետեւ փոքրիկները իրենց գեղեցիկ արտասանութիւններով հիացուցին ներկաները, ապա տեղի ունեցաւ վկայականներու յանձնման արարողութիւնը:
Վկայականներու բաշխումէն ետք, առաջնորդը իր հայրական բարեմաղթութիւնները փոխանցեց նախ փոքրիկներուն, ապա բարձր գնահատեց ուսուցիչներուն ժրաջան աշխատանքը եւ անոր արգասիքը հանդիսացող հայաշունչ եւ հոգեպարար այս հանդէսը. ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ծնողներուն` փոքրիկներուն հայեցի դաստիարակութեան մէջ իրենց ունեցած ներդրումին համար, շեշտելով հայ դպրոցին եւ հայ մանկապարտէզին կարեւորութիւնը, մաղթելով, որ տարիներ ետք այս փոքրիկները այս նոյն բեմին վրայ կը ստանան վարժարանի աւարտական դասարանի իրենց վկայականները: Ապա փոքրիկները սրբազան հօր շուրջ գալով՝ միաբերան աղօթք վեր առաքեցին առ Աստուած, հետեւեալ գեղեցիկ բառերով.
«Սիրելի Աստուած, այսօր եկած ենք,
Աղօթք կատարելու, շնորհակալութիւն ըսելու,
Որովհետեւ Դուն, կ՛օրհնես մեզ,
Մեզի կու տաս իմաստութիւն,
Բարի հովիւ, բարի տեսուչ, նուիրուած ուսուցիչներ:
Դուն օրհնած ես մեզ, մեր սիրելի հայրերով եւ մայրերով,
Այսօր կը խոստանանք, որ մենք միշտ պիտի ըլլանք խելացի,
Աշխատասէր, աղօթող եւ հաւատքով ապրող զաւակները մեր ազգի,
Այսօր, սիրելի Աստուած, կ՛աղօթենք մեր հայրերու, մեր մայրերու
Եւ մեր բոլոր սիրելիներու համար:
Օրհնէ մեզ յաւիտեան. Ամէն»:
Մանկապարտէզի աւարտական հանդէսէն ետք սկիզբ առաւ հինգերորդ եւ ութերորդ դասարաններու աւարտական միջոցառման յայտագիրը: Հանդիսութեան ընթացքին հերթաբար ելոյթներ ունեցան շրջանաւարտ սաներ, որոնք յուզումով հրաժեշտ կու տային իրենց սիրելի վարժարանին:
Ապա առաջնորդ սրբազան հայրը, եկեղեցւոյ հովիւին եւ տնօրէնին հետ յանձնեց շրջանաւարտներու վկայականները եւ յառաջադէմ աշակերտներու մրցանակները։
Վկայականներու բաշխումէն ետք, սրբազան հայրը կատարեց փակման խօսքը եւ իր պատգամը փոխանցեց շրջանաւարտներուն։ Երեկոն փակուեցաւ «Պահպանիչ» եւ «Հայր մեր» աղօթքներով։
(Թղթակցութիւնը՝ առաջնորդարանէն)