ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Կիրակի, 20 Յունիս 2021ին, Իրանի նորընտիր նախագահ Իպրահիմ Ռաիսիի ուղղած իր նամակով Արամ Ա. կաթողիկոսը ուրախութեամբ ողջունեց անոր ընտրութիւնը՝ իբրեւ նախագահ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան:
«Ձեր ընտրութիւնը շօշափելի արտայայտութիւն է ձեր անձին նկատմամբ Իրանի ժողովուրդին ունեցած վստահութեան ու համարումին», իր նամակին մէջ կ՛ըսէ կաթողիկոսը՝ յաջողութիւն մաղթելով նորընտիր նախագահին՝ յատկապէս ներկայ ժամանակներուն, երբ ամբողջ աշխարհը եւ Միջին Արեւելքը կը դիմագրաւեն ահաւոր տագնապներ ու մարտահրաւէրներ:
Անդրադառնալով Իրանի հայ համայնքին եւ անոր գործօն մասնակցութեան Իրանի առաւել զարգացման ու յառաջդիմութեան՝ հայրապետը կը յայտնէ, թէ յոյս ունի, որ մեր եկեղեցւոյ զաւակները միշտ պիտի մնան նորընտիր նախագահին հոգածութեան առարկան: