ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ, այս շաբաթավերջին՝ 26 եւ 27 Յունիսին, տեղի պիտի ունենայ համա-ՀՄԸՄական Ա. առցանց բանակումը՝ մասնակցութեամբ միութեան 25 շրջաններէ առաւել քան 1000 սկաուտներու: Բանակումին կը մասնակցին նաեւ Թեհրանի Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան սկաուտներ:
«Միասնութիւն՝ կայուն ապագայի մը համար» բնաբանով կազմակերպուած այս բանակումը իր տեսակին մէջ առաջինն է եւ նորութիւն է ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքին համար: Բանակումը պիտի սկսի Շաբաթ, 26 Յունիսին, երեկոյեան ժամը 5ին եւ պիտի աւարտի Կիրակի, 27 Յունիսին, երեկոյեան ժամը 5ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով): 24 ժամուան տարբեր պահերուն, աշխարհի չորս ծագերուն ապրող ՀՄԸՄական սկաուտներ, իրենց յարմարող ժամերուն, միութեան կողմէ տրամադրուած ե-նամակներու յատուկ գաղտնաբառերով պիտի այցելեն այս նպատակին համար ստեղծուած ելեկտրոնային հարթակ-բանակավայրը (phoj.homenetmen.org), ուր անոնք առիթը պիտի ունենան մասնակցելու բանակավայրի գործունէութեան զանազան մարզերուն՝ սկաուտական խաղեր, ղեկավարման հմտութիւններու զարգացումներ, դաստիարակչական աշխատանքներ, Հայաստանի ծանօթացման առցանց շրջապտոյտներ, հայկական խոհանոցի ծանօթացման յայտագիրներ եւ այլն:
Բանակումի տարբեր ժամերուն մասնակցողներուն «պիտի այցելեն» կարգ մը հիւրեր, որոնք պիտի ուղղեն իրենց սրտի խօսքերը կամ պիտի պատասխանեն սկաուտներու հարցումներուն: Հիւրերու շարքին են Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի վարչապետ Կլատիս Պէրէճիքլեան, Գեղարդ Ծ. վրդ. Քիւսպէքեան (Գանատա), ժապաւէններ արտադրող Սեւ Օհանեան (Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ), մանկաբոյժ տոքթ. Ալին Ա. Պաղտասարեան (Արեւելեան Մ. Նահանգներ), իրաւաբան Սեւակ Թորոսեան (Ֆրանսա) եւ «Միասին» ոչ-կառավարական կազմակերպութեան հիմնադիր Մարիա Սարգիսեան (Հայաստան):
Յայտագիրի վրայ են դաստիարակչական հանդիպումներ՝ հանրածանօթ կատակաբան Գեւ Օրգեանի (Անգլիա), առցանց լսարաններու զրուցավար Յակոբ Էմրազեանի (Քուէյթ), գրագէտ, թատերագիր եւ մենախօսութիւններու վարպետ Վահէ Պէրպէրեանի (Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ) եւ խոհարար Ալին Գամաքեանի հետ (Լիբանան):
Բանակումը պիտի ունենայ ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի իր առցանց հաղորդումները: Մասնակցող շրջանները պիտի ներկայացնեն այս առիթով իրենց պատրաստած եւ նկարահանած խարուկահանդէսները, իսկ շնորհալի սկաուտներ առիթը պիտի ունենան յատուկ տեսանիւթերով ներկայացնելու իրենց տաղանդները (երգ, պար, նուագ, ասմունք, մարզանք եւ խոհարարական կարողութիւններ):
Առցանց բանակումին կը մասնակցին 13 տարիքը բոլորած սկաուտներ, որոնք առիթը պիտի ունենան աշխարհագրական բոլոր հեռաւորութիւնները յաղթահարելով՝ 24 ժամ գտնուելու ելեկտրոնային նոյն հարթակին վրայ, ծանօթանալու իրարու, զրուցելու իրարու հետ, խաղալու եւ մրցելու իրարու դէմ եւ մասնակցելու համա-ՀՄԸՄական այս աննախընթաց եւ իւրայատուկ նախաձեռնութեան յաջողութեան: