Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան մէկշաբաթեայ այցելութեամբ մեկնեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետական աթոռոյ կեդրոն՝ Անթիլիաս, Լիբանան:
Արեւմտեան թեմի առաջնորդ ընտրուելէն ետք, այս առաջին պաշտօնական այցելութիւնն է, զոր Թորգոմ եպս. Տօնոյեան կու տայ հոգեւոր կեդրոնին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին օրհնութիւնները ստանալու համար:
իբանան իր կեցութեան ընթացքին, առաջնորդ սրբազան հայրը զանազան առիթներով հանդիպումներ պիտի ունենայ վեհափառին հետ եւ խորհրդակցի Արեւմտեան թեմի հոգեւոր, եկեղեցաշէն եւ ազգանուէր գործունէութիւններուն առաւել ծաղկազարդման եւ շրջանի ծառայական աշխատանքներու զարգացման սատարող հեռանկարներու մասին: