«Ազգային Առաջնորդարանը Հպարտ Է Իր Հայկական Վարժարաններով». Առաջնորդ
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան Կիրակի, 13 Յունիսի յետմիջօրէին նախագահեց Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի երկրորդականի հանդէսին եւ վկայականաց բաշխման։ Շրջանաւարտ 78 աշակերտ-աշակերտուհիներ ստացան իրենց վկայականը:
Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ վարժարանին «Ներսէս Թաշճեան» մարզասրահին մէջ: Առաջնորդ սրբազան հօր կողքին ներկայ էին Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան, Ազգային վարչութեան ատենադպիր եւ Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինին մօտ նոյն վարչութեան ներկայացուցիչ Ճորճ Չորպաճեան, ազգայիններ, բարերարներ, ուսուցիչներ, ծնողներ եւ հարազատներ: Խնամակալ մարմինին անունով հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց Թամար Թիւֆէնքճեան, ապա դրուատական արտայայտութիւններով հանդէս եկան ուսուցիչներ, որոնք ներկայացուցին 2020-2021 տարեշրջանին կրթութեան զանազան ոլորտներու մէջ փայլուն արդիւնքներ ձեռք ձգած մրցանակակիր շրջանաւարտները եւ բոլորին ի սրտէ մաղթեցին յաջողութիւն՝ համալսարանական բարձրագոյն կրթութիւններու եւ իրենց ընտրած կեանքի ասպարէզներուն մէջ, ապա վարժարանի տնօրէնուհին՝ դոկտ. Ալինա Դուրեան, ներկայացուց եւ շնորհաւորեց տարուան հունձքը, հիացումով խօսեցաւ շրջանաւարտ տղոց ու աղջիկներուն նկարագիրի տոկունութեան ու ամրութեան մասին, ապա հրաւիրեց սրբազանը՝ փոխանցելու իր սրտի խօսքը:

Առաջնորդը մեծ գոհունակութեամբ շնորհաւորեց շրջանաւարտները եւ ըսաւ. «Ազգային առաջնորդարանը իր Կրօնական ժողովով, Ազգային վարչութեամբ եւ առաջնորդ սրբազանով բարձր կը գնահատէ Ազգային հայկական վարժարաններու հպարտալի գործունէութիւնը: Արդարեւ, մեր վարժարանները կ՛աճին ու կը զարգանան ե՛ւ որպէս կառոյց, ե՛ւ որպէս ոգի, ե՛ւ որպէս աշակերտութիւն, այլ խօսքով՝ որակական եւ քանակական իմաստներով միշտ վերելք կ՛արձանագրեն: Մեր վարժարաններու աճումը ես կը սիրեմ նմանցնել աճման ռիթմին բոլոր այն հայ դիւցազուն հերոսներուն, որոնք կ՛աճէին ոչ թէ տարուէ տարի, այլ կը մեծնային օրէց օր: Ահա՛ թէ ինչու բարձրագոյնս կը գնահատենք մեր ազգային բոլոր վարժարանները, որոնք թէեւ ամբողջ տարեշրջան մը եւ աւելի ենթակայ եղան անբարենպաստ պայմաններու տակ գործելու պարտաւորութեանց, այսուհանդերձ, մեր բոլորին աչքին առաջ այսօր պարզուած այս լաւագոյն արդիւնքով է, որ կ՛եզրափակեն 2020-2021 կրթական տարեշրջանը, աշխատանքի ու նուիրուածութեան գօտեպնդիչ եւ ողջունելի մթնոլորտի մը մէջ, եւ բերրի է մեր հունձքը»:

Խօսելով վարժարանին գործունէութեան մասին՝ սրբազանը ընդգծեց. «Գովելի է Ռոզ եւ Փիլիպոս Ազգային վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին, բոլոր նուիրեալներուն եւ զօրակցողներուն ներդրումը վարժարանի յաջողութեան մէջ: Մեր բոլորին սիրելի տնօրէնութեան եւ պատուարժան ուսուցչական կազմին շնորհիւ, այսօր մենք ականջալուր դարձանք մեր աւարտական դասարանի տղոց եւ աղջիկներուն հոգի շարժող սրտի խօսքերուն եւ վկայութիւններուն, ուր կարելի չէր չնշմարել անգլերէնի տիրապետութեան կողքին նաեւ հայերէնով կատարուած սահուն ներկայացումները, որոնք մեր հոգիները կը լեցնեն անասելի ցնծութեամբ», եւ այս առիթով սրբազանը հրաւիրեց ներկաները՝ ուժեղ ծափահարութեամբ գնահատելու հայոց լեզուի բոլոր ուսուցիչները:
Իր խօսքի աւարտին, Թորգոմ եպս. Տօնոյեան նաեւ դրուատեց ծնողներուն յանձնառութիւնը՝ իրենց զաւակները հայկական վարժարան ղրկելու, ապա իր խօսքը ուղղելով երկրորդական կարգի 78 շրջանաւարտներուն՝ ըսաւ. «Յաջողութի՞ւն կ՛ուզէք ձեր կեանքին մէջ, հապա հաւատք ունեցէք Աստուծոյ եւ Աստուծոյ՝ ձեզի տուած ուժին նկատմամբ: Յաջողութի՞ւն կ՛ուզէք ձեր կեանքին մէջ, հապա ճանչցէք դուք զձեզ եւ սրբագրեցէք ձեր թերութիւնները՝ լաւագոյնը կերտելով ձեր ներսիդին: Յաջողութի՞ւն կ՛ուզէք ձեր կեանքին մէջ, հապա անքուն գիշերներ անցընելու պատրաստ եղէք, փոխան ձեռքի հեռաձայնի՝ միշտ գի՛րք ունենալով ձեր աչքին առջեւ»:
Այնուհետեւ սրբազանը «Պահպանիչ»ով օրհնեց դպրոցի տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը, ծնողները եւ շրջանաւարտները։