ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Չեխիոյ խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը 11 Յունիսին հաստատեց բանաձեւ մը, որմով Ատրպէյճանին կոչ կ՛ընէ՝ անյապաղ ազատ արձակելու Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութեան ընթացքին եւ անկէ ետք գերի բռնուած բոլոր գերիները եւ յետագային զերծ մնալ կամայական ձերբակալութիւններէ:
Բանաձեւին մէջ նաեւ ցաւ կը յայտնուի նշեալ պատերազմին ընթացքին արձանագրուած զոհերուն եւ տեղի ունեցած բռնութիւններուն համար ու կը պահանջուի Չեխիոյ կառավարութենէն, ոռ Եւրոպական Միութեան, ՄԱԿի եւ միջազգային այլ կազմակերպութիւններու միջոցաւ ապահովէ բանաձեւին պահանջներուն իրականացումը: