Չորեքշաբթի, 9 Յունիսին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան իր գրասենեակին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս դոկտ. Արմէն Բայբուրդեանի հետ:
Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին առաջնորդ սրբազան հայրը եւ հայրենի դիւանագէտը զրուցեցին Հայաստանի իրավիճակին մասին: Անոնք արծարծեցին հայ ժողովուրդը յուզող հարցեր: