Հայաստանի ճատրակի տղոց ազգային խումբի նախկին անդամ, գերվարպետ Վլատիմիր Յակոբեան որոշեց այսուհետեւ հանդէս գալ Միացեալ Նահանգներու դրօշին տակ:
Նախապէս, Հայաստանէն հեռանալու եւ Միացեալ Նահանգներու կազմին միանալու մասին պաշտօնապէս յայտարարած էր գերվարպետ Լեւոն Արոնեան:
Նշուեցաւ, որ Վլատիմիր Յակոբեան շուրջ երկու տարիէ ի վեր բնակութիւն հաստատած է Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Վլատիմիր Յակոբեան ծնած է 1971ին, Պաքու: Ան Հայաստանի հաւաքականին հետ 2006ին, 2008ին եւ 2012ին հանդիսացաւ համաշխարհային ճատրակի ողիմպիականի ախոյեան: