ԹԵՀՐԱՆ, «Իրնա»․- Իրանի ճամբաներու եւ քաղաքաշինութեան նախարար Մոհամմետ Էսլամի յայտնեց, որ Ատրպէյճանի տնտեսութեան նախարարին հետ հանդիպումի մը ընթացքին երկու երկիրներուն միջեւ երկաթուղային ենթակառոյցներու զարգացման մասին փոխըմբռնման յուշագիր ստորագրուած է:
Էսլամի հաստատեց, որ յուշագիրը կը նախատեսէ հիւսիս-հարաւ եւ արեւելք-արեւմուտք միջանցքներու առաւել արդիւնաւէտ շահագործումը: Ան նաեւ ըսաւ, որ Իրան կը փորձէ աւարտին հասցնել Պաքուի ուղղութեամբ Ռաշթ-Ասթարա մայրուղին, որ ճամբու տեւողութիւնը պիտի կրճատէ` զայն վեցէն հասցնելով երկու ժամի:
Ատրպէյճան կատարած միօրեայ այցելութեան ընթացքին, իրանցի պաշտօնատարը այցելեց Ասթարայի եւ Նախիջեւանի երկաթուղիներ ու մայրուղիներ, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի` 9 Նոյեմբերի յայտարարութեան կէտերով` Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներ: