ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երեքշաբթի, 8 Յունիսին, Պքէրքէի Մարոնիթ պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցաւ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հանդիպումը, մասնակցութեամբ մարոնիթ, հայ առաքելական, յոյն ուղղափառ, յոյն կաթողիկէ, ասորի կաթողիկէ, հայ կաթողիկէ եւ գաղթէական եկեղեցիներու հոգեւոր պետերուն:
Հանդիպման նպատակն էր՝ խորհրդակցիլ1 Յուլիսին Վատիկանի մէջ տեղի ունենալիք հոգեւոր պետերու հանդիպման շուրջ հասարակաց մօտեցումներ ճշդելու:
Յայտնենք, որ Վատիկանի մէջ տեղի ունենալիք հոգեւոր պետերու հանդիպումը Ֆրանսիս պապին հետ, նախաձեռնած է Արամ Ա. վեհափառը՝ շուրջ երկու ամիսներ առաջ պապին յղած իր նամակով:
Պքէրքէի ժողովին, կաթողիկոսը իր պատկերացումը ներկայացուց եւ շարք մը կէտերու կարգին կարեւորութեամբ շեշտեց քաղաքական տարբերութիւններէ վեր մնալու եւ կառավարութիւն մը կազմելու հրամայականը, որպէսզի հանդիպումը կարենայ ժողովուրդի հետզհետէ աճող ընկերա-տնտեսական կարիքներուն գոհացում տալ: