ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».- Հալէպի Պետական համալսարանին մէջ, «Հայկական Մշակութային Շաբաթ»ի եզրափակիչ համերգները տեղի ունեցան Երեքշաբթի, 8 Յունիսի միջօրէին, Ճարտարապետական համալսարանի սրահին մէջ, ներկայութեամբ հայ եւ արաբ մեծաթիւ ուսանողներու եւ համալսարանի պատասխանատու մարմիններու ներկայացուցիչներուն։
Նախ ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբը՝ մեկնաբանելով «Երեւան» «Պիսապահի Ալֆիթալէթ», «Աթլէք Նիրանաքա», «Եարխուշտա» եւ կոմիտասեան փունջ մը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի, ապա հանդէս եկաւ Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի Էսդրատային նուագախումբը իր մենակատարներով, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ տոքթ. Րաֆֆի Ապէճեանի:
Հուսկ ելոյթ ունեցաւ հանրաճանաչ երգիչ Վահէ Յովհաննէսեան՝ կատարելով հայրենասիրական երգեր:
«Հայկական Մշակութային Շաբաթ»ին նպատակն էր՝ սուրիացի համալսարանականներուն նախաճաշակ մը հրամցնել հայ ժողովուրդի ծագման, պատմութեան եւ մշակոյթին մասին: