30 Մայիսին, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 103ամեակին առիթով, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի տնօրինումով, թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցան Հանրապետական մաղթանք եւ Հայաստանի Հանրապետութեան եռագոյն դրօշի օրհնութիւն:
Առաջնորդը հանդիսապետեց եւ օրուան պատգամը ուղղեց Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած պատարագին: Ան կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին սրբատառ կոնդակը, որմով, սրբազան հօր խնդրանքին ընդառաջելով, Գառնիկ քհնյ. Չափանեանին կը շնորհէ ծաղկեայ փիլոն կրելու պատիւը:
Իր քարոզին մէջ սրբազանը անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան կարեւոր փուլերուն` նշելով, որ 28 Մայիս 1918 թուականը յաղթանակի ցնծալի տօն է մեզի համար, որովհետեւ, իբրեւ ճակատագրական փուլ` ստրկութենէն դուրս գալով, մեր հայրենիքը ազատագրուեցաւ՝ շնորհիւ մեր քաջարի հերոսներուն հայրենիքին նկատմամբ ունեցած գերագոյն սիրոյն եւ զոհողութեան:
Սրբազանը վեր առաւ հայ ժողովուրդի զաւակներուն պայքարունակ ոգին, որ ծնունդ կ՛առնէ հայրենի հողին վրայ ազատ ապրելու տենչէն ու կամքէն:
Պատարագէն ետք հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Սարդարապատի, Ղարաքիլիսայի եւ Բաշ Ապարանի հերոսամարտերուն, ինչպէս նաեւ Արցախի մեր նահատակ հերոսներու հոգիներուն համար:
Իսկ 28 Մայիսին, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լ. Շանթ» մասնաճիւղի վարչութեան, Դամասկոսի «Ահարոնեան» կեդրոնին մէջ յիշատակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման 103ամեակը:
Վարչութեան բացման խօսքը արտասանեց Մարալ Գաթըգլեան, որ յայտնեց, թէ սոյն հանդիսութիւնը տօնախմբութեան օր մը չէ, այլ` մեր ուխտը նորոգելու օր, շարունակելու երթը անկախութեան խորհուրդով, յանուն Հայաստանի եւ Արցախի զոյգ հանրապետութիւններու հզօրացման եւ բարգաւաճման:
Օրուան խորհուրդին մասին խօսեցաւ Սոնա Անտրեան-Քիւրտեան, որ լուսարձակի տակ առաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ա. անկախութեան կերտման նախորդող քաղաքական պայմանները ու պատմական իրադարձութիւնները, որոնց լոյսին տակ հայ ժողովուրդի զաւակներուն արեան գնով եւ զոհողութեամբ կերտուեցաւ Ա. հանրապետութիւնը: Ան անդրադարձաւ ՀՅԴի դերակատարութեան անկախութեան կերտման մէջ` շեշտելով, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը, իր ազգային ազատագրական գաղափարախօսութեամբ, ամբողջ կարողականութիւնը ի սպաս դրաւ հայ ժողովուրդի փրկութեան եւ բարօրութեան ու տէր կանգնեցաւ անտէր ու անհայրենիք ժողովուրդին: Ան շեշտեց, որ հայ ժողովուրդի հաւաքական կամքով, արեան գնով եւ միահամուռ պայքարով նուաճուած անկախութիւնը պէտք է պահպանել ամէն գնով եւ աշխարհասփիւռ հայութեան միասնականութեամբ շարունակել երթը` յանուն մեր պահանջատիրութեան արդար Դատի յաղթանակին, միացեալ, անկախ Հայաստանի տեսլականով:
Բանախօսը խրախուսեց երիտասարդութիւնը՝ համախմբուելու ազգային կառոյցներու շուրջ եւ տէր կանգնելու հայ ժողովուրդի ազգային արժէքներուն: Հանդիսութեան աւարտին ներկաները առիթը ունեցան առցանց ուղիղ սփռումով միանալու Լիբանանի մէջ կատարուող տօնակատարութեան եւ ազգային յեղափոխական երգերու փառատօնին:
Կիրակի, 30 Մայիսին, Հասիչէի հայութիւնը նոյնպէս խմբուեցաւ ազգային կեանքի կարեւորագոյն պատմական նուաճումին` Հայաստանի անկախ պետականութեան կերտման 103ամեակը յիշատակելու:
Արտասանուեցան մայիսեան խորհուրդը վեր առնող խօսքեր եւ հնչեցին ազգային երգեր:
Հակառակ իր դիմագրաւած տագնապներուն, յատկապէս ջուրի տագնապին, Հասիչէի բուռ մը հայութիւնը յատուկ արարողութեամբ իր յարգանքի տուրքը մատուցեց հերոսներուն ու հաւատքը արտայայտեց 1918ի քաղաքական եւ ապահովական ծանր պայմաններուն մէջ անկախութեան կերտիչներուն բացած պայծառ ճանապարհին: