Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (ՀԵՀՈՄ) նորընտիր վարչութիւնը, առաջնորդութեամբ հոգեւոր խորհրդատու Արտաւազդ վրդ. Շարոյեանի, այցելեց Արամ Ա. հայրապետին: Նորընտիր վարչութիւնը կաթողիկոսին պարզեց իր յառաջիկայ գործունէութեան ընդհանուր պատկերը:
Վեհափառը իր օրհնութիւնը եւ գնահատանքը փոխանցեց վարչութեան, որ հակառակ համաճարակին ստեղծած աննպաստ պայմաններուն՝ միութիւնը անցնող ամիսներուն շարունակած էր իր գործունէութիւնը:
Արամ Ա. նաեւ իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ կաթողիկոսարանին հովանաւորութիւնը վայելող համալսարանական երիտասարդներու այս միութիւնը կը շարունակէ օգտակար դառնալ նաեւ կարիքաւոր ընտանիքներուն՝ անձնական միջոցներով իրենց ապահոված փոքր գումարներու միջոցաւ։ Հայրապետը թելադրեց շարունակել մարդասիրական աշխատանքները եւ իր կարգին 20 կարիքաւոր ընտանիքներու համար գումար մը փոխանցեց ՀԵՀՈՄի վարչութեան: